ՌԷՅՄՈՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ «L’ŒUVRE D’ORIENT»Ի ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ
Ֆրանսայի «L’Œuvre d’Orient» կազմակերպութիւնը, որ Արեւելքի քրիստոնեաներու առանցքով գործունէութիւն կը ծաւալէ, այս տարուան գրական մրցանակը շնորհեց ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Ռէյմոն Յարութիւն Գէորգեանին։