ՇԱՀԵՐԸ ՀԱՄԸՆԿՆԵՑՆԵԼ
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը ընդգծեցին, որ ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւններուն մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։