ՄԷԿ ՇՐՋԱՆ ՈՒ ՎԵՐՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ աշնան նախատեսուած ընտրութեան ընդառաջ արտասովոր իրադարձութիւն:
Ճօ Պայտըն հարցախոյզներու կանխատեսումներուն բերումով որոշեց դուրս գալ ընտրապայքարէն, Տանըլտ Թրամփ յուսադրուած վերընտրուելու համար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ աշնան նախատեսուած ընտրութեան ընդառաջ արտասովոր իրադարձութիւն:
Ճօ Պայտըն հարցախոյզներու կանխատեսումներուն բերումով որոշեց դուրս գալ ընտրապայքարէն, Տանըլտ Թրամփ յուսադրուած վերընտրուելու համար:
Իրան-Հայաստան առանձնայատուկ յարաբերութիւնները տարածաշրջանային գործօն:
Դեսպան Սոպհանիի խօսքով՝ իր երկիրը պիտի կրկնապատկէ ելեկտրական ուժանիւթի ներածումը:
Ատրպէյճանը Հայաստանը հրաւիրեց՝ յառաջիկայ նոյեմբերին Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 գագաթաժողովին։ Երեւան պաշտօնապէս չէ արձագանգած Պաքուի այս հրաւէրին։
Ազգային անմոռանալի բարերար Գուլուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Լիզպոնի մէջ։ Ամէն տարի երախտաշատ բարերարի ծննդեան օրը առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի անոր յիշատակին նկատմամբ յարգանքը թարմացուի ու բոլորը վերյիշեն իր թողած աւանդին անգնահատելի նշանակութիւնը։
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս կը շարունակուի Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը, որ կը համախմբէ հայ եւ օտար բազմաթիւ մասնագէտներ։ Երէկ ամբողջ օրը գիտական նիստերը շարունակուեցան, իսկ երեկոյեան այս քոնկրէսի մասնակիցները Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ ընթրիքի սեղանի շուրջ հիւրընկալուեցան՝ «Մերկերեան քարփըթ» գորգի գործարանի համալիրի ճաշարանէն ներս։
Մոսկուայէն բողոքի վրայ բողոք կը հնչէ Երեւանի եւ Արեւմուտքի միջեւ տակաւ խորացող յարաբերութիւններուն դէմ:
Ըստ Ռուսաստանի բանբերներուն՝ Հայաստան այժմ կը գտնուի խաչմերուկի մը վրայ. անոնք մտահոգ են նաեւ ռազմակայանի ապագային համար:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը բժշկական օգնութիւն կը փութացնէ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն:
Աշխարհատարած բարենպատակ կազմակերպութիւնը միշտ քայլեր կ՚առնէ՝ բռնի հայրենազրկեալներու առկայ հրատապ կարիքներուն դիմաց:
Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովը առիթ դարձաւ միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներու արժեւորման:
Երեւանէն եւ Պաքուէն իրերամերժ պնդումներ՝ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման վիժեցման շուրջ:
Հայաստան-Ֆրանսա ռազմական համագործակցութեան անդրադառնալով՝ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտնեց, որ դաշնակիցներու զիրար զինելը բնականոն է՝ ինքնապաշտպանութեան նպատակով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, որ վերստին թեկնածու եղած է այդ պաշտօնին համար ու նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ վերջերս ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։
Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու նոր՝ ռազմավարական գործընկերութեան թեւակոխման համար հերթական ապացոյց. Ուզրա Զէյա համոզուած է, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը խոչընդոտ մը չէ, իսկ Ռուսաստանի ներկայութիւնը չի նպաստեր տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս պիտի սկսի աշխատիլ ԱՄՆ-ի բանակի ներկայացուցիչ մը: