ԴԻՒԱՆԱԳԷՏԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Պելժիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրիւքսէլի մէջ նախընթաց օր յարձակման ենթարկուեցան ՆԱԹՕ-ի մօտ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Ճաֆէր Հիւսէյինզատէն եւ կինը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքը պատահած է օգոստոսի 5-ին, Պրիւքսէլի ժամով 15.00-ին, դեսպանի բնակարանին առջեւ, երբ ան արձակուրդի մէջ կը գտնուէր։