ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հայկական մարզաշխարհը վերջին օրերուն ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի առաջնութեան։ ՖԻՊԱ-ի կողմէ կազմակերպուած՝ մինչեւ 16 տարեկաններու «Եւրոպասքեթ-2024»ի C խմբաւորման մէջ Հայաստան նուաճեց երրորդ հորիզոնականը։