«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔ
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է շահեկան գիրք մը, որ պատմական ուսումնասիրութիւն մըն է։ «Պաքուի կոմունը 1917-1918. ազգն ու դասակարգը ռուսական յեղափոխութեան շրջանին» կը կոչուի այս գիրքը, որու հեղինակն է յայտնի պատմաբան Ռանըլտ Գրիգոր Սիւնի։ 1972 թուականին հեղինակին այս գործը հրատարակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց գեղանկարիչ Նարեկ Աւետիսեանի ցուցահանդէսը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը Նիւ Եորքի մէջ պատուեց Հայաստանի փոխ-վարչապետը:
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ «Կրօնական ազատութեան հարցերով նախարարական համաժողով»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր այցելեց անմոռանալի նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի բնակարան-արուեստանոցը։ Հոգելոյս նկարչի այրիին՝ Մարի Յակոբեանի եւ դստեր՝ Նորա Յակոբեանի ուղեկցութեամբ Արմէն Սարգսեան շրջայց մը կատարեց բնակարանէն ներս, ուր իրեն ներկայացուեցան մեծանուն վարպետի կտաւներն ու իւրայատուկ քանդակները։
Այս օրերուն, Երեւան կ՚այցելէ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեան, որու այցելութիւնը ունի մասնաւոր բնոյթ։ Ան Երեւանի մէջ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Ֆրանսահայ համայնքը կորսնցուց իր երիցագոյն, յատկանշական անդամներէն մին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։ Զեքիեան Գերապայծառ շնորհաւորութիւններ յղեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։