ԱՄՆ ԱՌԱՒ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ՔԱՅԼ ՄԸ
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն միջեւ հետզհետէ տագնապի մը կը վերածուի Ս-400 հրթիռային համակարգերու խնդիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր որոշած է ռուսական այդ հակաօդային պաշտպանական համակարգը ձեռք բերել, իսկ ամերիկեան կողմը այս ուղղութեամբ յամառօրէն վերապահութիւն կը դրսեւորէ՝ պատճառաբանելով ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան պարագան։
Մեր համայնքի յայտնի ակադեմականներէն Սօսի Անթիքաճեանի յուշերու գիրքին շուրջ անցեալ շաբթուան մէջ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Պողազիչի համալսարանէն ներս։ Սօսի Անթիքաճեան արդէն շուրջ 37 տարիէ ի վեր կը դասախօսէ նոյն համալսարանի Արեւմտեան լեզուներու եւ գրականութիւններու բաժնէն ներս։
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Ս. Զատկի ընդառաջ քաղաքիս մէջ բարեգործական ցուցահանդէս մը կը կազմակերպուի կամաւորներու նախաձեռնութեամբ՝ նպաստելու համար օթիսթիք մանուկներու:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացէն ներս կազմակերպուած Վիեննայի վերջին բանակցութիւններու լոյսին տակ:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքը կը շարունակէ բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Այս ծիրին մէջ ամբողջ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Իսթանպուլի քաղաքապետի ընտրութեան վրայ։
Երէկուան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ ընտրողներու շուրջ 85 տոկոսը։ Աւելի քան 45 միլիոն քաղաքացիներէ բաղկացեալ ընտրազանգուածի մը կողմէ արտայայտուած կամքը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան երթը։
Երէկուան տեղեկան ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները գրեթէ փոփոխութիւն մը չբերին թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։ Իսթանպուլի առաւել հայաբնակ շրջաններուն մէջ քաղաքապետարաններէ ներս ղեկի փոփոխութիւն չեղաւ։
Հայաստանի Ծառատունկ (Armenia Tree Project (ATP)) բարեգործական հիմնադրամին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Յակոբեան» բնապահպանական կեդրոնի համատեղ կազմակերպած եւ՝ «Գագաթաժողով յանուն անտառներու» միջազգային խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերի 20-23 թուականներուն։
Հայաստանի յառաջատար պետմինթըն խաղացող Լիլիթ Պօղոսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 21-30 յունիսին Մինսքի մէջ, Սպիտակ Ռուսիա, տեղի ունենալիք եւրոպական երկրորդ մարզական խաղերուն: