ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱԼՈՄԷ ԶՈՒՐԱՊԻՇՎԻԼԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ բարձրաստիճան հիւրը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանի կողմէ։
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Մտերմիկ մթնոլոտի մը մէջ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որ տեւեց բաւական երկար։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաք այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս առաւօտ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը։
Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ գլխաւոր քաղաքապետ Մեւլիւտ Ույսալ ցաւակցական այցելութիւն մը տուին Գումգաբու։ Երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ։ Շաբաթավերջի յուղարկաւորութեան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի ներկայացնեն՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան եւ դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Մելքոն Քարաքէօսէի կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբը գործի ձեռնարկած է՝ շարժման անցընելով մանաւանդ համայնքի երիտասարդ տարրերը։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Զեքիեան Գերապայծառ եւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւս յայտնեցին իրենց վշտակցութիւնն ու բարոյական զօրակցութիւնը։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ ալ այցելեցին Պատրիարքարան։ Այս առաւօտ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ VADİP գումարեց արտահերթ ժողով մը։
«Ի խորոց սրտի կը հայցենք առ Ամենողորմ Տէրը, որ երկնային բարձունքներու վրայ խաղաղութեան եւ հանգստութեան մէջ ընդունի հոգին հաւատարիմ իր սպասաւորին՝ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի։ Մենք այսօր աղօթական ոգիով կ՚ուղեկցինք վախճանեալ պատրիարքին դէպի յաւերժական կեանքի ճանապարհ»:
Հանրապետութեան նախագահը անձամբ վշտակցութիւն յայտնեց պատրիարքական ընդհ. փոխանորդին:
էրտողանի առընթեր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ կապ հաստատեցին նաեւ արտաքին գործոց
նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու: Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ գլխաւոր քաղաքապետ Մեւլիւտ Ույսալ այսօր կէսօրին կ՚այցելեն Գումգաբու:
Հայաստանի պետական աւագանին շաբաթավերջին ցաւակցականներ հրապարակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման կապակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատգամներով հանդէս եկան՝ արտայայտելով իրենց ցաւը։
Ուղղափառ եկեղեցւոյ ծայրագոյն պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. երէկ յետմիջօրէին ցաւակցական այցելութեան մը փութաց Գումգաբու։ Պատրիարքարանի մուտքին ան դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։
Համայնքը խոր սուգի մէջ. ոչ եւս է Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Մեսրոպ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան։