ՆԱԶԱՐՊԱՅԵՒ ՀՐԱԺԱՐԱԾ
Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ 79 տարեկան է ան ներկայիս։
Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ 79 տարեկան է ան ներկայիս։
Հայաստանի ներկայացուցիչ Անոյշ Գրիգորեան հանդիսացաւ Եւրոպայի կռփամարտի 18-22 տարեկան դասակարգի ախոյեան, Վլատիքաւքազի մէջ, Ռուսաստան, իր աւարտին մօտեցող ախոյենութեան ընթացքին:
Յայտնի ճազ երգիչ Ճէյմի Տէյվիս երեւանեան համերգի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի Պետական ճազ նուագախումբի նուագակցութեամբ՝ գեղարուեստական ղեկավար եւ երգահան Արմէն Հիւսնունցի ղեկավարութեամբ: Համերգային երեկոն տեղի պիտի ունենայ ապրիլի 5-ին, Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան դահլիճին մէջ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայութիւնը երէկ փառաշուք ձեւով հրաժեշտ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր մեր համայնքէն լայն զանգուած մը համախմբուեցաւ Գումգաբուի մէջ, ուր Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հոգելոյս Պատրիարք Հօր յուղարկաւորութեան, վերջին օծման արարողութիւնը, որու աւարտին թաղումն ալ կատարուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Մեր համայնքին տեսակէտէ իսկապէս յուզումնախառն օր մըն էր։ Անշուշտ, բոլորին համար ըսելու շատ բան կար, սակայն վերջին հաշուով բոլորը առաջին հերթին լռութիւնը նախընտրեցին օրուան տխուր պատկերին առջեւ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի յուղարկաւորութենէն վերջ հանդէս եկաւ հակիրճ յայտարարութիւնով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Ցաւակցութիւն կը յայտնեմ բոլոր հայերուն։ Կը բաժնենք իրենց ցաւը։
Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի ժողովը։ Չորս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ գումարուեցաւ այս նիստը։ Այս խորհուրդը կողմերու միջեւ որոշում ընդունելու ամենաբարձր հարթակն է։
Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կամարները կը համախմբեն թրքահայ համայնքի զաւակները, որոնք ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տան իրենց Հոգեւոր Պետին
Նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի բարոյական ներկայութեան առջեւ խոնարհում կը բերեն նաեւ մեր վարժարաններու աշակերտները։ Գումգաբուի մէջ հոգեւորականաց դասը անընդհատ սուրբգրական ընթերցումներ կը կատարէ հոգելոյս գահակալի դագաղի գլխուն։
ԱՔ կուսակցութեան ընդհանուր կեդրոնէն՝ նախկին նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։
Նոր Զելանտայի Քրիստչըրչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական սահմռկեցուցիչ դէպք մը, որ եկաւ ցնցել ամբողջ աշխարհը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով՝ այսօր տեղի ունեցաւ անհաւատալի այս դէպքը, որու հետեւանքով չորս հոգի ձերբակալուեցաւ։
Այս կիրակի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր յուղարկաւորութեան առթիւ պիտի պատարագէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան: Վերջին օծումը պիտի կատարէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պատգամը պիտի ընթերցէ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը պիտի ներկայացնեն Լիբանանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Տ. Խորէն Եպսկ. Աշքարեան:
Աղօթք, խունկ, ծաղիկ, մոմ, երկիւղ:
Թրքահայ հաւատացեալ ժողովուրդը այսօր եւ վաղը Գումգաբուի մէջ խոնարհում կը բերէ իր նորոգ վախճանեալ Հոգեւոր Պետի դագաղին առջեւ: Կարգադիր յանձնախումբը կ՚աշխատի թափով:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողովի սկիզբին առ Աստուած աղօթք վերառաքուեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի հոգւոյ հանգստութեան համար:
Մեծ Պահոց նուիրական օրերուն թրքահայութիւնը որդիական երախտագիտութեամբ խորաթափանց կ՚անդրադառնայ հոգելոյս պատրիարք հօր ծաւալած բազմակողմանի աշխատանքի նշանակութեան ու կը վերարժեւորէ իր առաքելութեան պտուղները պոլսոյ Աթոռի արդի պատմութեան ամբողջին մէջ: Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ օրուան տեւողութեան շարունակեցին Գումգաբուի մէջ ընդունիլ ցաւակցական այցելութիւնները: Այսօր յետմիջօրէին Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ Կրօնական ժողովի նիստ, որուն կը յաջորդէ յուղարկաւորութեան կարգադիր յանձնախումբի խորհրդակցութիւնը: