ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒԷՐ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԻՆԹԵՐՓՈԼԻ ԿՈՂՄԷ
Հայաստանի ոստիկանութիւնը շաբաթավերջին բերման ենթարկեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի մը՝ 53-ամեայ Ֆարուք Ս.։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վրաստանի հետ սահմանակից Բագրատաշէնի անցման կէտին վրայ տեղի ունեցաւ այս իրադարձութիւնը։
Ազգային պաշտպանութեան նախարարը մասնակցեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովին:
Հայաստան եւ Քաթար կը ձգտին ռազմավարական գործակցութիւն ծաւալել շարք մը ոլորտներու պարագային:
«Անթարա» լրատուական գործակալութեան պատկերասրահին մէջ, վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայաստան. առասպելներու երկիր» խորագիրը կրող լուսանկարներու երկշաբաթեայ ցուցահանդէսին փակումը, որուն շրջագիծին մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ «Անթարա» լրատուական գործակալութիւնը միասնաբար կազմակերպած էին հանդիպում-քննարկում` Ինտոնեզիայի աւելի քան 50 զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ լուսանկարիչ լրագրողներուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարը այցելեց Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոց:
Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովը կը համախմբէ բազմաթիւ ղեկավարներ ու մասնագէտներ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ողջունեց Հայաստանի առողջապահութեան նախարարը։
Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան եռակողմանի ձեւաչափով աշխոյժ ու ծաւալուն աշխատանք տարածքաշրջանի հրատապ նիւթերուն շուրջ: