ՈՒՂՂԱԿԻ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները կանգ առած են բանակցային գործընթացի պատմութեան վրայ:
Փաշինեան տեղեկացուց, որ Ալիեւի հետ չեն քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները կանգ առած են բանակցային գործընթացի պատմութեան վրայ:
Փաշինեան տեղեկացուց, որ Ալիեւի հետ չեն քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն:
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի արխիւի եօթանասուն տոկոսի դասաւորումը արդէն աւարտած է։ Աներեւակայելի քանակութեամբ լուսանկարներէ եւ իրերէ կը բաղկանայ այդ արխիւը, որու դասաւորման սկզբնական փուլերուն մասնակցած էր նոյնինքն Արա Կիւլէր։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները երէկ մէկուկէս ժամուան տեսակցութիւն մը ունեցան Տաւոսի մէջ՝ անպաշտօն ձեւաչափով:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ան կ՚ունենայ կարեւոր հանդիպում մը։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ երէկ հանդիսաւորապէս ստորագրեցին պատմականօրէն կարեւոր նշանակութեամբ փաստաթուղթ մը։ 1963 թուականին երկու երկիրներու այդ շրջանի ղեկավարներուն՝ Շարլ տը Կոլի եւ Քոնրատ Ատենաուըրի կողմէ ստորագրուած Էլիզէի համաձայնութենէն 56 տարի անց երկու երկիրները վերահաստատեցին ու թարմացուցին իրենց յանձնառութիւնները։
«Հայփոստ» ընկերութիւնը կ՚արժեւորէ մեծ բանաստեղծուհիի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանը:
Սիլվա Կապուտիկեանի յիշատակին թողարկուած նամականիշին համար կնքման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա դատապարտուած չեն թշնամիներ ըլլալու։
Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումի մասնակիցներուն առջեւ տեսակապով ունեցած ելոյթին ժամանակ Մայք Փոմփէօ անդրադարձաւ ԱՄՆ-Ռուսաստան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն։
Թուրքիա Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման պարագային անմիջական շփման մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի հետ:
Հանրապետութեան նախագահի խօսքով, անհանդուրժելի է, որ անվտանգ գօտին նոր ճահիճի մը վերածուի երկրի հարաւային սահմանի երկայնքով: Էրտողան վաղը պիտի մեկնի Մոսկուա:
Ամերիկացի զինուորները հերթապահութեան ժամանակ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչներու յարձակման ենթարկուեցան Հասեքէի մէջ՝ Մենպիչի արիւնալի դէպքէն միայն հինգ օր անց:
Հայաստանի վարչապետը մէկտեղուեցաւ Զուիցերիոյ գործարար շրջանակներուն հետ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վարդան Սըրմաքէշ քննարկեցին զանազան կարեւոր ներդրումային ծրագրեր:
CCAV-ի ջանքերով ֆրանսահայ համայնքէն ներս յառաջ կը տարուի դպրոցաշինական կարեւոր ծրագիր մը:
Այս նախագծին շնորհիւ պիտի հաստատուի հայերէնի դասաւանդման ակադեմական շրջանակ մը ֆրանսական համակարգէ ներս: