ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ԿԸ ՆՇԷ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս օրերուն Երուսաղէմի մէջ ըստ Հին տոմարի կը տօնախմբէ Ամանորն ու Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Կը տեղեկանանք, որ Իսթանպուլէն ուխտաւորներու զանազան խումբեր Սուրբ Քաղաք մեկնած են մասնակցելու համար աւանդական արարողութիւններուն։
Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս երէկ վստահութեան քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ՝ վարչապետ Թերեզա Մէյի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան համար։ Արդիւնքին, Թերեզա Մէյ ստացաւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 33-րդ ընդհանուր ժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ։ Կուսակցութեան ղեկավար կազմին մէջ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին այս ընդհանուր ժողովով՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն ժամանակ որդեգրած դիրքորոշման բերումով ՀՅԴ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս դռնփակ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ մօտեցումները հետզհետէ կը հասուննան Սուրիոյ տագնապի լուծման շուրջ:

Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան Սպիտակ տան մէջ յանձնեց իր հաւատարմագիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւատարմագրի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է յունուարի 11-ին։
Հայաստան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը ձգտին ընդլայնել համագործակցութիւնը: