ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՏԱՒՈՍԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Զուիցերիա, ուր Տաւոսի ֆորումը նախատեսուած է 22-25 յունուարին։
Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս երէկ վստահութեան քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ՝ վարչապետ Թերեզա Մէյի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան համար։ Արդիւնքին, Թերեզա Մէյ ստացաւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 33-րդ ընդհանուր ժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ։ Կուսակցութեան ղեկավար կազմին մէջ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին այս ընդհանուր ժողովով՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն ժամանակ որդեգրած դիրքորոշման բերումով ՀՅԴ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս դռնփակ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ մօտեցումները հետզհետէ կը հասուննան Սուրիոյ տագնապի լուծման շուրջ:
