ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ 2019-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԻ ՆԱԽԱԳԾԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի 2019 թուականի պետական պիւտճէն ներկայիս կը քննարկուի Ազգային ժողովէն ներս։ Նախընթաց օր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանէն ներս ելոյթ մը ունենալով ներկայացուց պիւտճէի նախագիծը եւ պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն։
«Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս սգահանդէս՝ Փաշինեանի մասնակցութեամբ:
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի մասնակցութեամբ եռակողմանի գագաթաժողով մը կազմակերպելու ուղղութեամբ խմորումներ. Մեւլիւտ Չավուշօղլու բանակցութիւններ վարեց Ռաշիտ Մերետովի հետ՝ քննարկելով ուժանիւթի անվտանգութեան հարցեր:
Յունաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգի վրայ կը գտնուին Սահմանադրութեան բարեփոխումներ։ Երկրի կառավարութիւնը կը նախատեսէ այս փոփոխութիւնը Սահմանադրութեան մէջ ամրապնդել աշխարհավարութեան հիմքերով։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ շաբաթ Թուրքիա պիտի այցելէ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հարկ է նշել, որ ներկայ տարուան տեւողութեան երկու ղեկավարները ուղղակի կամ հեռաձայնով զրուցած են 32 անգամ։
Թիւրքմենիստանի մէջ կազմակերպուած ծանրաբարձութեան համաշխարհային առաջնութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականն ալ մրցաշարքի աւարտին վերադարձաւ Երեւան։
Հայ գիրքի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսը բացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ մը ստացաւ Crans Montana ֆորումի նախագահ Փիէռ-Էմմանիւէլ Քուիրինի եւ նոյն ֆորումի պատուոյ նախագահ ու հիմ-նադիր դեսպան Ժան-Փոլ Քարթերոնի կողմէ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի մէջ վերջերս մասնակցութիւն բերած էր «Հայրենիք եւ համաշխարհային անվտանգութիւն» խորագրեալ համաժողովին։
Առաջին աշխարհամարտի աւարտը բնորոշած զինադադարի 100-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Փարիզի մէջ: