Լրահոս

ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ-ՔԱՐԱՍԻՆ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետի աւագ խորհրդական Արսէն Գասպարեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ այժմէական հարցեր։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Դիմագիրք»ի իր էջին վրայ շաբաթավերջին հրապարակեց ուշագրաւ լուսանկար մը։ Այսպէս, սա Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի լուսանկարն էր։ Հայաստանի վարչապետն ու Նորին Սրբութիւնը շաբաթավերջին միասնաբար ուղեւորուեցան Նիւ Եորք։

ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԴԱՐՁԵԱԼ ԶՈՀ

Շաբաթավերջին Արցախի ճակատին վրայ զոհուեցաւ հայ զինուոր մը։ Այսպէս, սեպտեմբերի 22-ին, ժամը 16.00-ի սահմաններուն, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ արձակուած կրակոցին թիրախը դարձաւ Արցախ Յովսէփեան (1998)։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջին օրերուն այցելեց Սուրիա։ Ուղեւորութեան ծիրէն ներս նախարարը առաջին առթիւ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։ Ազգային առաջնորդարանէն ներս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի կողմէ հիւրնկալուեցաւ նախարարը։ Ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներէն Նորա Արիսեան։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՄՍԵԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի իրականացուի ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէս։ Այսպէս, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին առիթով, աշնան պիտի իրականացուի «Ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէս. Հայաստան, 2018 - ժամանակակից արուեստի հնչիւններ» խորագրով:

Էջեր