ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՈՒՄ
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի մասնակցութեամբ եռակողմանի գագաթաժողով մը կազմակերպելու ուղղութեամբ խմորումներ. Մեւլիւտ Չավուշօղլու բանակցութիւններ վարեց Ռաշիտ Մերետովի հետ՝ քննարկելով ուժանիւթի անվտանգութեան հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարարի խօսքով՝ պատմական Մետաքսի ճանապարհի վերակենդանացման ուղղութեամբ շատ կարեւոր պատասխանատուութիւններ
կը վիճակին Անգարայի, Պաքուի եւ Աշխապատի: Կասպից ծովու յատակէն նոր խողովակաշարներ կառուցելու ծրագրերը արդէն օրակարգի վրայ:

Յունաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգի վրայ կը գտնուին Սահմանադրութեան բարեփոխումներ։ Երկրի կառավարութիւնը կը նախատեսէ այս փոփոխութիւնը Սահմանադրութեան մէջ ամրապնդել աշխարհավարութեան հիմքերով։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ շաբաթ Թուրքիա պիտի այցելէ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հարկ է նշել, որ ներկայ տարուան տեւողութեան երկու ղեկավարները ուղղակի կամ հեռաձայնով զրուցած են 32 անգամ։
Թիւրքմենիստանի մէջ կազմակերպուած ծանրաբարձութեան համաշխարհային առաջնութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականն ալ մրցաշարքի աւարտին վերադարձաւ Երեւան։
Հայ գիրքի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսը բացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ մը ստացաւ Crans Montana ֆորումի նախագահ Փիէռ-Էմմանիւէլ Քուիրինի եւ նոյն ֆորումի պատուոյ նախագահ ու հիմ-նադիր դեսպան Ժան-Փոլ Քարթերոնի կողմէ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի մէջ վերջերս մասնակցութիւն բերած էր «Հայրենիք եւ համաշխարհային անվտանգութիւն» խորագրեալ համաժողովին։
Առաջին աշխարհամարտի աւարտը բնորոշած զինադադարի 100-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Փարիզի մէջ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ համակեցութեան նիւթին շուրջ:
Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղին մէջ բացուեցաւ անմահ Սիլվա Կապուտիկեանին նուիրուած պուրակ մը։ Այսպէս, մեծանուն գրող Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղի Թաթուլ Խաչատրեանի անուան միջնակարգ դպրոցի բակէն ներս բացուեցաւ «100 ծառ՝ Սիլվա Կապուտիկեանին» պուրակը: