ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՖՐԱՆՍԱ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Փարիզ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 14 սեպտեմբերին ան Էլիզէի պալատին մէջ պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Նոյն օրը վարչապետը պիտի տեսակցի նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Ստեփան Կերտողի «Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան տարիներուն» աշխատագրութիւնը։ Այս գիրքը ձօնուած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հռչակման 100-ամեայ յոբելեանին։
Օփերայի երգչուհի Լիլիթ Սողոմոնեան Չիլիի մայրաքաղաքի «Թէաթրօ միւնիսիփալ տէ Սանթիակօ» հեղինակաւոր օփերային թատրոնին մէջ երեք ներկայացումներով հանդէս եկաւ «Թոսքա»ի դերերգով:
Չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, հրաւէրով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը դասախօսութիւն մը տուաւ «Աստուածաբանութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթին շուրջ։ Յայտնենք, որ ամբողջ շաբթուան վրայ տարածուած ու համալսարանին կողմէ կազմակերպուած համագումարին նիւթն էր յիշեալ թեման, որուն Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կերպով հրաւիրուած էր եզրափակիչ դասախօսութիւնը տալու։
Մկրտչեաններու բազմանդամ ընտանիքը կ՚ապրի Արագածոտնի մարզի Արտենի լերան հարաւ-արեւելեան ստորոտը գտնուող Թաթուլ գիւղին մէջ: Մօտաւորապէս տասը տարի ընտանիքը ապրած է խարխլած տանիքով ու բնակարանային տարրական պայմաններէն զուրկ, կիսակառոյց տան մէջ, որուն պատերը ցուրտէն եւ խոնաւութենէն բորբոսած ու սեւցած են:
Սուրիոյ նախագահին հրամանով հալէպի մէջ վարժարան մը վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուորին անուամբ։ Այսպէս, Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի հրամանով Հալէպի «Դամասկոս» նախակրթարանը վերանուանուեցաւ սուրիահայ նահատակ զինուոր Գրիգոր Աշնաքլեանի անուամբ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիխթէյնշթայնի հաւաքականը։ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու աւարտին հայկական ընտրանին յաղթանակ տօնեց 2-1 արդիւնքով։
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս երէկ այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Բացի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ տեսակցելէ, Մաաս ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
«Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւն» գիրքը դրուած է ընթերցողներու սեղանին։ Այսպէս, Հայաստանի մէջ վերջին քաղաքական իրադարձութիւնները ամփոփուած են գիրքի մը մէջ: