Լրահոս

ԹՐՔԱԳԷՏԻ ՀԱՅԵԱՑՔՈՎ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Երեւանի մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին
«Պոլսահայ պատմական համայնքին հետ կապերը սերտացնելու նպատակով նախարարութեան կողմէ երկարաժամկէտ ձեւով պիտի գործուղղենք իմ խորհրդական Գէորգ Պետրոսեանը՝ աւելի լաւ ճանչնալու համար անոր ներուժն ու մարտահրաւէրները։ Ինծի համար երբեք ընդունելի չեն այն քննադատական մօտեցումները, որ յաճախ կը հնչեն Հայաստանէն։ Ի վերջոյ այդ մարդիկ լաւ չեն ճանչնար Թուրքիան եւ մանաւանդ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ բան է Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը»:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՈՒՑԻՉ ԳԱՂՏՆԱԼՍՈՒՄ ԿԱՄ «ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ»

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Երէկ, ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի մը ձայնագրութիւնը

ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Հայաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէն, որ ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական արարողութիւնով մը դիմաւորեց իր վրացի պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը եւ սարքեց համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որով ամփոփուեցան պատուիրակութիւններու բանակցութիւններու արդիւնքները։

 

 

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՈՉ ՈՔ ՄԵԶԻ ՀԵՏ ԿՐՆԱՅ ԽՕՍԻԼ ՈՒԺԻ ԴԻՐՔԵՐԷ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շաբաթավերջին Մոսկուա կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Քրեմլինի պալատին մէջ Փաշինեան հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։

ՏԱՂ՝ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ

Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երեք տարուան ընդմիջումէ մը վերջ երէկ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն
հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Ներկայ էին նաեւ Մշակոյթի նախարար Մեհմէտ Էրսոյ, կուսակալ Մուրատ Զօրլուօղլու եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Սպիտակ աղաւնիներ արձակուեցան՝ ի նշան խաղաղութեան:
Խաչվերացի տաղաւարի նախորդած շաբաթավերջին կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ - Արարողութիւններէն վերջ տեղի ունեցաւ բացօթեայ անդաստան:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր Քրեմլինի պալատին մէջ նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած հանդիպում մըն է այս մէկը։

Էջեր