ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԿԱԼԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ կատարուած վերջին բացայայտումներուն հիման վրայ յայտնաբերուած տուեալները կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի օրակարգը։ Երէկ, խորհրդարանը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին տեղի ունեցած քուէարկութեան հիման վրայ երեսփոխան Մանուէլ Գրիգորեան զրկուեցաւ անձեռնմխելիութենէ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Այսօր Պրիւքսելի մէջ կը սկսի Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Ինկլընտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ վերջերս յոբելենական հանդիսութիւններու շարք մը սկսաւ Պոստոնի մէջ։ Այս շարքի առաջին փուլին կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ շուրջ 300 հոգի։
Հայկական արտադրութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը հետզհետէ կ՚աճի միջազգային շուկաներէ ներս:
Մինչեւ 2018-2019 շրջանի վերամուտը աշխատանք պիտի տարուի դպրոցներուն համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կեանքի կը կոչուի:
Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, եւրոպացի խորհրդարանականները հիւրընկալուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս կ՚իրականացնէ արտասահմանեան շրջագայութիւն մը։ Ան ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Անասուններու իրաւունքներու նկատմամբ զգայնութիւնը հետզհետէ աւելի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ հասարակական գետնի վրայ։ Վերջին օրերուն Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն ներս տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններն ալ այս խնդիրը դարձուցին հրատապ։