ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՍՊԱՍԵՆՔ 2019-Ի ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մայիսի «սխալ»ը պիտի սրբագրուի դեկտեմբերին…
Հինգշաբթի յետմիջօրէին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կարճ ելոյթ մը կ՚ունենար եւ կը յայտարարէր, որ իրաւական բոլոր հիմքերը ապահովուած են արդէն, որպէսզի 2017 թուականի ապրիլին ընտրուած Ազգային ժողովը լուծարուի։