ԱՐՁԱՆՆԵՐԸ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քարակոյտեր շարուած են դես ու դէն, մարդկային քարակոյտեր պուրակի մը մէջ: Իւրաքանչիւրը կերպարանք մը հագած, բազմած է, կամ կանգնած:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քարակոյտեր շարուած են դես ու դէն, մարդկային քարակոյտեր պուրակի մը մէջ: Իւրաքանչիւրը կերպարանք մը հագած, բազմած է, կամ կանգնած:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մարդը ինքն իր հետ մրցումի մէջ մտած է, նոր բան մը գտնելու, նոր բան մը հնարելու, այլ խօսքով՝ մարդը սկսած է մի՛շտ նորը փնտռել: Այս մէկը երեւի կրնանք կոչել մնայուն զարգացման ընթացք, որովհետեւ մարդուն գործունէութեան մէջ կը նկատուի միշտ յառաջանալու փափաքն ու սէրը, մէկ կէտի վրայ, այլ խօսքով՝ մէկ յաջողութեան վրայ կանգ չառնել, այլ՝ շարունակել նորանոր ձեռքբերումներու հասնելու համար:
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Այս ու առնուազն գալ շաբաթ եւս ընթերցողներուս պիտի պահեմ Ատըեամանի մէջ, ուր տարած էի անցեալ անգամ։ Կարճ պատմած էի Կեաւուր Յ.-ին մասին, որ ըստ զիս առաջնորդող Գրիգոր աղբարիկի՝ վերջին ու միակ հայն էր Ատըեամանի։
Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ԻՆՉՊԷՍ որ աշխարհային բաները փնտռելու, գործածելու եւ վայելելու համար կարեւոր է զգաստութիւնը, նոյնպէս կարեւոր է նեղութեան մէջ: Թէ՛ բախտաւորութեան եւ թէ դժբախտութեան մէջ մարդ պարտաւոր է հաւասար հոգի կրել եւ երբեք բանականութեան եւ արդարութեան սահմանը չանցնիլ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան լուրերուն հետեւողներուս համար յառաջիկայ օրերը պիտի ըլլան ոչ-սովորական։ Այն իմաստով, որ ամբողջ ինն ամիս լրատուական ծառայութիւններուն համար թիւ մէկ նիւթը հանդիսացող կառավարութեան կազմութեան տագնապը կը հասնէր իր աւարտին։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ամերիկացիք կէս շունչ մը քաշեցին անցեալ շաբաթավերջին, երբ նախագահ Թրամփ համաձայնեցաւ «վերաբանալ կառավարութիւնը»՝ սպասելով, որ յառաջիկայ երեք շաբաթներուն կարելի ըլլայ լիարժէք համաձայնութիւն մը գոյացնել շոգեկառքը բնական ընթացքի մէջ դնելու համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին տարիներուն բազմաթիւ ամպիոններէ լսելի դարձաւ այն, որ սփիւռքահայ երիտասարդներու Հայաստան գալ-ապրելու երեւոյթը սկսած է նոր թափ ստանալ։ Եթէ հաշուի առնենք յատկապէս Միջին Արեւելեքի հայագաղութները, ապա յստակօրէն պիտի նշմարենք, որ այդ գաղութներուն մէջ միայն ապահովական կամ Մերձաւոր Արեւելքէն «հեռանալու» գաղափարը չէ, որ կը մղէ մեր երիտասարդները Հայաստան տեղափոխուիլ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խորագիրը ձեր միտքը թող չպղտորէ: Այս մէկը ո՛չ Թումանեանի հեքիաթներէն մէկն է եւ ո՛չ ալ հայերէնի դասագիրքէ փրցուած էջ մը: Միտքս պարզեմ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Գացի, եկայ վեց տարիէն աւելի լքած ծննդավայրս: Եօթը օրուան կեցութիւնս տարի մըն էր կարծես:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում.- Ինչպէ՞ս կրնամ ձերբազատիլ ագահութեան մեղքէն։