ԿՈՐԵԿԸ
Ռուս բանաստեղծ Մայակովսկի, լենինեան յեղափոխութեան երգիչը գրութիւն մը ունի, ուր կ՚ըսէ. «Մենք կը հասնինք ու կ՚անցնինք»… ի հարկէ, խօսքը ուղղելով դրամատիրական աշխարհին:
Ռուս բանաստեղծ Մայակովսկի, լենինեան յեղափոխութեան երգիչը գրութիւն մը ունի, ուր կ՚ըսէ. «Մենք կը հասնինք ու կ՚անցնինք»… ի հարկէ, խօսքը ուղղելով դրամատիրական աշխարհին:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայագիտական մեծարժէք ժառանգութեան տէր՝ բազմավաստակ հեղինակութիւն է Փրոֆ. Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան (1896-1989), որուն ծննդեան 120-ամեակը կը նշուի Սեպտեմբերի 5-ին:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Շատ մը նախապաշարեալներ կը հաւատան, որ երազները անպայման իմաստ մը կ՚ունենան, եւ որ անոնք մեկնաբանութեան կը կարօտին
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կիրակի, 25 Սեպտեմբերի առաւօտուն, երեք կապարներ վերջ կու տային Յորդանանցի մտաւորական Նահէտ Հաթթարի կեանքին:
50-ամեայ ծայրայեղական մը Հաթթարը կը սպաննէր մայրաքաղաք Ամմանի Արդարադատութեան պալատի շէնքի դրան շեմին:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Մէկ տարիէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածութեան պայքարը կը շարունակուի հեռատեսիլի եւ լրատուական զանազան միջոցներու պաստառներուն եւ էջերուն վրայ, զգաստ պահելով ամերիկացին եւ նաեւ մեզ, հայերս։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ մեզ, պարզ ու ռամիկ հայերս, որովհետեւ ոչ մէկ ամերիկացի նախագահ առանձնայատուկ գործ նուիրած է հայերուն, բացի խոստումներէ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
- «Իսկ այն մարդիկը որոնք իրեն հետ կ՚երթային, ապշած կեցեր էին, ձայնը կը լսէին, բայց մէ՛կը չէին տեսներ: Եւ Սօղոս գետէն ելաւ, ու բաց աչքերով՝ մէ՛կը չէր տեսներ»: (Գործք Առաքելոց 10:1.8)
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպի պատմական նշանակութեան ու անոր դերին մասին շատ գրուած է: Մենք՝ հայերս կը հաւատայինք, ու դեռ ալ կը հաւատանք, որ Հալէպը մեզի համար միայն կարեւոր տեղ մը ունի:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 28-ին լրացաւ մահուան 69-րդ տարելիցը հայ մշակոյթի ճանաչման, պահպանման ու զարգացման բանասիրական մեծ գործին եւ ազգային նուիրական ծառայութեան մարզին մէջ հսկայական եւ մեծարժէք աւանդի տէր Գարեգին Լեւոնեանի (1872-1947)։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մեր տան մօտ նպարատուն մը կար, որ մօտ երկու տարիէ ի վեր փակուած է՝ ի՜նչ, ի՜նչ պատճառներով չենք գիտեր։ Հողին տէրը բնականաբար կ՚ուզէ շէնքը վարձու տալ ուրիշի մը, սակայն կաշկանդուած է պետական անուղղակի ճնշումներով։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քսանհինգամեայ անկախ հայրենիքը կը թնդայ իր արծաթեայ տարեդարձը տօնելով: Ամէն տեղ կը ծածանի եռագոյնը, ամբողջ ժողովուրդը՝ մեծերն ու փոքրերը փողոցն են ու կ՚ուղղուին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ: Արծաթեայ յոբելեանը պիտի տօնուի նախ զօրահանդէսով, որուն նախապատրաստական փորձերը տեղի ունեցան ամբողջ անցեալ շաբթուան ընթացքին