Հարթակ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը դրական երանգներով եւ կարեւոր ակնկալիքներով փակեց 2017 տարին: Բնականաբար անցեալ տարուան ամենէն կարեւոր ձեռքբերումը Եւրոպական Միութեան հետ կնքուած համաձայնագիրն էր, որ կարեւոր ու դրական սպասումներ բերող դուռ մը պիտի ըլլայ հայութեան համար:

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տօնական օրերը կը մօտենան: Տարբեր երկիրներու, տարբեր քաղաքներու, գիւղերու եւ տուներու մէջ մարդիկ եռուզեռի մէջ են դարձեալ: Իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կերպով կը պատրաստուի տօնական օրերուն, իրեն յատուկ կերպով նշելու եւ դիմաւորելու Նոր տարին:

ԿԱՂԱՆԴԻ ՆՈՒԷՐԸ

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Ջուր ունի՜նք,- կ՚ըսէ Սեւան խոհանոցին ծորակը դարձնելով,- լոյս ալ ունի՛նք,- կը շարունակէ լոյսին կոճակը սեղմելէ ետք լուսաւոր խոհանոցը տեսնելով,- այս ի՞նչ անակնկալ է, վերջացա՞ւ այսինքն ամէն ինչ: Յովսէ՜փ, ե՛լ, եկո՛ւր, հետս ուրախացիր:

ԱՄԱՆՈՐԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Նոր տարի՝ տօն, որ ուրախութիւն կը պարգեւէ թէ՛ մեծերուն, թէ փոքրերուն։ Ամէն նոր տարի իր հետ նոր յոյսեր եւ երազներ կը բերէ։ Այս բարի ու հրաշքներով լեցուն տօնին բոլոր աշխարհ սրտատրոփ կը սպասէ։

ԱՄԷՆ ՄԷԿ ՆՈՐ ՕՐ, ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԿԻԶԲ

ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԱՀՏԵՍԻ ՕՀԱՆԵԱՆ

Կ՚ըսեն Նոր տարուան գալով մարդ կը նորոգուի: Ասիկա ինչքանո՞վ եւ ինչո՞վ  կը պատահի ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: Հագուստի, տան զարդարանքի փոխուելո՞վ: Ի՜նչ խօսք, թերեւս  անհրաժեշտ են անոնք, բայց էականը ո՞րն է:

ՋԵՐՄ Է ԱՄԷՆ ԻՆՉ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ջերմութիւն մը տարածուած է շուրջս: Դեկտեմբեր ամսուն այսպիսի ջերմութի՞ւն, ուրկէ՞, դեռ քիչ առաջ վերարկուներով ու կծկուելով կը քալէինք: Ընդամէնը երկու ժամուան օդային ճամբորդութիւնը եւ այսքան ջերմութեան տարբերութի՞ւն:

Լու­սի­նը կը Ժպտի…

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Գահիրէի Խալիկ էլ Մասրիի մեր տան հիւրանոցի պատշգամը փայտէ փեղկեր չունէր: Անոր փոխարէն սկիզբէն միայն դուռ մը դրուած էր, որուն մարմնին կէսէն վեր կային միջակ մեծութեամբ չորս թափանցիկ եւ քառանկիւն ապակիներ, ուրկէ առաւօտները դպրոց երթալէս առաջ արեւը մեր տունը այցելութեան կու գար: 

ԱՍՏՈՒԱԾ ՑԱՅՍՕՐ ԿԸ ԳՈՐԾԷ… (ՀՐԱՇՔ՝ ՀԱԼԷՊԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ)

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ.ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ 

«Հաւատքը անտեսանելի է երբ ան մարդ արարածիս հոգւոյն մէջ պարփակուած է, նման լեռներու կողերուն մէջ խրած ու թաղուած ջրաւազաններուն, որոնց ուղխքը միայն կը տեսնես հոսուն ու կարկաջուն աղբիւրներուն մէջ»

Էջեր