«ՀԱՒԱՏԱՄՔԻ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ»
Հեղինակ՝ ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ
Կը ներկայացնէ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանին բազմավաստակ ծառայութեան պտղաբեր արդիւնաւորութիւնը անուրանալիօրէն անջնջելի եւ սրբադրոշմ կնիքով լուսաւորեց Հայ Եկեղեցին՝ հարստացնելով անոր հոգեմտաւոր գանձարանը։