«ԿԱՆՔ, ԿԸ ՄՆԱՆՔ»
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Երեւի հայ «ըլլալու» եւ «մնալու» հրամայականը քիչ մը ամէն տեղ ինքզինք զգալի կը դարձնէ աշխարհի ամբողջ տարածքին: Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքը բացառութիւն պիտի չկազմէ: Եթէ քաղաքին գեղեցկութիւնը կը զգլխէ ու կ՚անցնի ամէն երեւակայութիւն, կը սքանչանաս եւ երեւի քիչ մըն ալ կը «նախանձիս» այն բոլորին, որոնք կ՚ապրին այդ գեղեցկութեան մէջ, բայց այդ քաղաքին մէջ առկայ է նաեւ հայկական գեղեցկութիւնը: