ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԷՆ ԿԻՒՄՐԻ… ՓՕԼ ՊԱՂՏԱՏԼԵԱՆԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպցի երգիչ Փօլ կ՚ապրէր մեր հարեւանութեամբ: Անոր ձայնը հեղեղի պէս կը տարածուէր Պուրճ Համուտի բոլոր հին ու նոր թաղամասերու անցքերէն: Մեր կեանքի պատմութեան մէկ օղակն էր Փօլը, որուն չէինք ուզեր կարեւորութիւն մը տալ պարզ անոր համար, որովհետեւ անոր ճակտին փակցուցած էին «Ալա թուրքա» երգիչի պիտակը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայութեան առընչութիւնը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին (ՊԱՀ) արդէն աւելի քան հարիւրամեայ պատմութիւն մը ունի: Դեռ Եղեռնէն իսկ առաջ, թէ՛ կիլիկիահայ եւ թէ արեւմտահայ ուսումնատենչ երիտասարդներ ուսանելու կը ղրկուէին կամ կու գային այն ատեն Սիրիըն Փրոթեսթընթ գոլըճ կոչուող այս երախտաշատ հաստատութիւնը: