ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԱԽՈՐԺԱԿԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զգացական ախորժակը մարդս կը մղէ բաղձալու իր չունեցած հաճելի բաները։ Այսպէս՝ բաղձալ ուտել երբ անօթի է մարդ, կամ տաքնալ երբ կը մսի։ Այս բաղձանքները յինքեան բարի՛ են, բայց յաճախ անոնք չեն յարգեր բանականութեան չափաւորութիւնը եւ կը մղեն մարդս ցանկալու անարդարօրէ՛ն ինչ որ իրեն չի պատկանիր, ինչ որ ուրիշին կը պատկանի կամ կը վերաբերի։