ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Միշտ մտածած եմ մարդկութեան բարեփոխման մասին, ի՛նչ որ կարելի է՝ երիտասարդներու կրթութեան բարեփոխմանը շնորհիւ», կ՚ըսէ Leibnitz։ Արդարեւ, ժողովուրդի մը նպատակն է յառաջդիմել, բարեփոխուիլ եւ եթէ պահանջքը զգացուի՝ վերածնի՛լ։