ՍԷՐԸ ԵՐԿԱՅՆԱՄԻ՜Տ Է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս Առաքեալ, կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ կը սահմանէ «սէր»ը, եւ կ՚ըսէ, թէ՝ սէր ունեցողը համբերատար եւ քաղցրաբարոյ, երկայնամիտ, այսինքն՝ ներող կ՚ըլլայ։ Արդարեւ ներողամտութեան նախապայմանն է՝ հանդուրժողութիւն, համբերութիւն եւ քաղցրաբարոյ նկարագիր։ Այն որ կը համբերէ՝ կը հանդուրժէ եւ գոնէ երկար ժամանակ չի գրգռուիր բարուկան վատ զգացումով եւ կը ներէ։ Ներել, տեսակէտով մը կը նշանակէ իր «Ես»էն չտարուիլ եւ զոհողութիւն ընել, զիջանիլ եւ համբերե՛լ։