Հոգե-մտաւոր

ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահ­քի շրջա­նի երկ­րորդ Կի­րա­կին կը կո­չուի՝ «Ար­տաքս­ման Կի­րա­կի»։ Այս երկ­րորդ Կի­րա­կիի օրհ­նու­թեան շա­րա­կա­նին մէջ կը նկա­րագ­րուին «կոր­սուած դրախ­տին կամ եղ­ծուած եր­ջա­նիկ կեան­քին հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը»։­

ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԱ­ՍԻ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ - Բ -

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ը­սինք, որ «աշ­խար­հա­սի­րու­թիւն»ը կը հրա­պու­րէ մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ քա­նի որ ա­նոնք տա­կա­ւին չեն ծա­նօ­թա­ցած «կեանք»ին՝ իր զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րով։ Ա­նոնք կը ճանչ­նան միա՛յն ի­րենց տե­սա­ծը եւ կ՚ապ­րին «ա­պա­գայ» կո­չուած գրա­ւիչ եւ նո՛յն­քան խա­բու­սիկ ե­րա­զա­յին եւ ե­րե­ւա­կա­յա­կան շրջա­նա­կի մը մէջ։

ՄԵԾ ՊԱՀՔ Է Ե­ԿԵ՜Ր

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կրօ­նա­կան եւ բա­րո­յա­կան կեան­քին հետ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն մը կայ շրջա­նը այն շա­բաթ­նե­րուն՝ որ կը կո­չուի «Մեծ Պահք»։ Ե­թէ ո՛չ ժա­մա­նա­կա­կից ըն­կե­րա­կան եւ ըն­տա­նե­կան, բայց ան­ցեա­լի սո­վո­րու­թիւն­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր տեղ մը ու­նէր այս շրջա­նը։ Խան­դա­վա­ռու­թիւն, ե­ռու­զեռ, պատ­րաս­տու­թիւն­ներ տու­նե­րու եւ ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ՝ ո­րոնք տպա­ւո­րուած կը մնան յի­շա­տակ­նե­րու մէջ միայն։

ԲԱ­ՐԵ­ԿԵՆ­ԴԱ­ՆԸ ԸՆ­ՏԱ­ՆԻ­ՔԻ ՄԷՋ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ ժո­ղո­վուր­դին ըն­կե­րա­կան, ըն­տա­նե­կան եւ բա­րո­յա­կան կեան­քը սեր­տօ­րէն կա­պուած է կրօ­նա­կան հա­ւա­տա­լիք­նե­րու եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու հետ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ ա­սոնց­մէ է նաեւ «Բա­րե­կեն­դան»ը՝ որ ան­ցեա­լի մէջ, եւ այ­սօր ալ կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւէ մա­նա­ւանդ ըն­տա­նե­կան մի­ջա­վայ­րե­րուն մէջ։

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչ­պէս յա­ճախ կ՚ը­սենք, ո­րե­ւէ գործ կամ պաշ­տօն կա­տա­րուած ժա­մա­նակ, պայ­ման է եւ անհ­րա­ժե՛շտ՝ տուեալ կա­նոն­նե­րը գիտ­նալ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ, կար­գա­պա­հու­թիւ­նը պա­հել։ Քա­նի որ ա­ռանց կար­գա­պա­հու­թեան եւ ա­ռանց կա­նո­նա­ւո­րու­թեան կա­տա­րուած գոր­ծը ան­կա­տար կը մնայ՝ ան­յա­ջող եւ անն­պա­տա՛կ։

ԱՌԱՋԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ԿԱՄ «ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ»

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ազ­գե­րու կեան­քին մէջ կը գտնուին շրջան­ներ եւ դէպ­քեր՝ ո­րոնք ի­մաստ կը ստա­նան եւ կը դառ­նան պատ­մու­թեան ա­ռանց­քը, մեկ­նա­կէ­տը, էու­թեան պատ­ճա­ռը եւ կեան­քին նպա­տա­կը։ Ինչ­պէս ան­հա­տա­կան, նոյն­պէս ըն­կե­րա­յին կեան­քի գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար կեն­սա­կան դրոշմ­ներ են այդ շրջան­նե­րը եւ կամ դէպ­քե­րը։

ԱՌԱՋԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ - Գ -

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բայց մին­չեւ այս բա­նա­կին եր­կիր հաս­նի­լը՝ ար­դէն նա­խա­րար­նե­րու ու­րա­ցու­թեան համ­բա­ւը հա­սած էր եւ ընդ­հա­նուր շփո­թու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած։ Մինչ վի­ճա­կա­ւոր ե­պիս­կո­պոս­ներն ալ ի­րենց վի­ճակ­նե­րը վե­րա­դար­ձած էին, քո­րե­պիս­կո­պոս­նե­րը՝ գիւ­ղերն ու ա­ւան­նե­րը, եւ կը դրդէին թէ՝ գիւ­ղա­ցի­նե­րը եւ ա­զատ­նե­րը պէ՛տք է պաշտ­պա­նեն ե­կե­ղե­ցին ի­րենց հա­ւա­տու­րաց իշ­խան­նե­րուն դէմ՝ կռուին եւ պատ­ժեն զա­նոնք։

Էջեր