ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած» եւ «Բնութիւն»՝ այս երկուքը միշտ զբաղեցուցած է մարդկային միտքը։ Մանաւանդ՝ Ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարականը մերձիմաստ համարեց զանոնք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած» եւ «Բնութիւն»՝ այս երկուքը միշտ զբաղեցուցած է մարդկային միտքը։ Մանաւանդ՝ Ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարականը մերձիմաստ համարեց զանոնք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը կոչուած է ճշմարտութիւնը փնտռելու։
Ուստի մարդ պարտաւոր է փնտռել ճշմարտութիւնը՝ որ է իրաւո՛ւնք նաեւ իրեն տրուած։ Եւ մարդ պէտք է յատկապէս ճշմարտութիւնը փնտռէ այն հարցերուն մէջ՝ որոնք կը հային հոգեւոր կեանքին՝ Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ հարցը երջանկութեան մասին է՝ կ՚արժէ մտածել, թէ՝ երջանկութեան բուն ակը դրա՞մն է։ Շատեր կ՚ըսեն, թէ առանց դրամի երջանկութիւն չ՚ըլլար, եւ այնքա՜ն համոզուած են այն գաղափարին, որ դրամը համազօր կը նկատեն երջանկութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այս սիւնակներուն մէջ յաճախ խօսեցանք, խորհրդակցեցանք ծխելու մասին, որ իրապէս ընդհանրացած մոլութիւն մըն է, եւ կը վնասէ թէ՛ ծխողին եւ թէ իր շուրջիններուն։ Ծխախոտ գործածելու մոլութեան պատճառած վնասները ակներեւ ու անուրանալի են, բայց կարելի չ՚ըլլար հրաժարիլ, քանի որ ան մոլութիւն մըն է՝ ունակութիւն մը, որ գերի դարձուցած է ենթական։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հիւանդները բուժեցէ՛ք» (ՄԱՏԹ. Ժ 8)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, ինչ որ եկեղեցին ընդունած է որպէս յանձնառութիւն Տիրոջմէ եւ կը ջանայ իրագործել զայն թէ՛ այն խնամքներուն շնորհիւ՝ որոնք կը մատակարարէ հիւանդներուն, թէ՛ անոնց ընկերակցող բարեխօսութեան աղօթքով։ Ան կը հաւատայ կենսագործ ներկայութեան Քրսիտոսի՝ բժիշկ հոգիներու եւ մարմիններու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի բարեկամնե՜ր, բնաւ խորհա՞ծ էք, մարդուս համար կարելի՞ է ամէն պարագայի, ամէն նեղութեան մէջ զուարթ ըլլալ, գոնէ վատ տրամադրութեան չմատնուիլ։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելիներ, բայց կարծեմ կարելի չէ՛ չազդուիլ, չտպաւորուիլ միջավայրէն, մանաւանդ ուղղաղի իրենց դէմկատարուած հոգեկան, բարոյական եւ ֆիզիքական յարձակումներէն՝ որոնք կը խանգարեն, տակնուվրայ կ՚ընեն մարդուս ամբողջ ներաշխարհը, տրամադրութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ օժտուած են զանազան շնորհներով, տաղանդներով ու ձիրքերով։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր անհատի ընդունած տաղանդը տարբեր է, ո՛ր մէկուն քիչ, ո՛ր մէկուն շատ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ հինգերորդ տաղաւար, այսինքն եկեղեցւոյ հինգերորդ գլխաւոր տօնն է «Խաչվերաց»ը։ Այս վերջին՝ հինգերորդ տօնը նուիրուած է «Խաչ»ին՝ կոչելով զայն «Խաչվերաց»։ Ինչպէս միւս տաղաւարները, Խաչվերացն ալ ունի պատմական հիմք մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծառը կը ճանչցուի իր պտուղէն, ինչպէս կ՚ըսուի առհասարակ։ Արդարեւ հաւաքականութեան մը արժէքը պէտք է փնտռել զայն կազմող ու կազմաւորող անհատ-անդամներուն մէջ։ Հակառակ կեանքի ամէն տեսակ պայմաններուն, անոնց ժխտական ազդեցութեան, հաւաքականութիւն մը բարձր սկզբունքներու երբ կը հետեւի, այդ սկզբունքները կեանքի կը վերածէ, այդ կը նշանակէ՝ թէ հաստատ ու անշեղ նկարագրի տէր, բարոյապէս զօրաւոր անհատներէ բաղկացած է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անգիտապաշտութիւն» (agnosticisme), ընդհանուր առումով կը նշանակէ՝ անգիտանալ, չգիտնալ եւ այդ վիճակին մէջ ըլլալ, որ հոսանք մը, մտածելակերպ մըն է։ Իսկ իր յատուկ իմաստով, կրօնական մարզի մէջ՝ Աստուծոյ գոյութիւնը կամ չգոյութիւնը գիտնալու անկարելիութեան վրայ հաստատուած մտածելակերպ մըն է։ Ըստ անգիտապաշտներու՝ Աստուած գոյութիւն ունի կամ չունի, ասիկա գիտնալ, այս մասին տեղեկութիւն ունենալ կարելի չէ…։