ՄԱՐԴՈՑ ՓԱՌՔԸ ՍԻՐԵԼ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ միշտ փառք կը փնտռէ, քանի որ ան կը սիրէ փառաւորուիլ։ Բայց որքան հետաքրքրական է որ ան այդ փառքը կը սպասէ իր նմաններէն, այսինքն ուրիշ մարդոցմէ։ Հապա որմէ՞ պէտք է ստանալ, անոր մասին չի խորհիր, քանի որ ան կ՚ուզէ փառքը վայելել դարձեալ մարդոց մէջ։