Արխիւ
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սիրան Սեզա, բուն անունով Սիրան Զարիֆեան-Քիւփէլեան, ծնած է 9 փետրուար 1903-ին, Պոլսոյ Սկիւտար շրջանին մէջ: Հայ արձակագիր, հրապարակախօս եւ խմբագիր:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս յուզումնախառն շաբաթավերջ մըն է… Բոլորի յիշողութեան մէջ է անմոռանալի ու ամենասիրելի Եդուարդ Թովմասեանը՝ Թոմոն, որ կ՚ոգեկոչուի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։
Հարաւային Կովկասի հաշտութեան գործընթացը Անգարայի եւ Մոսկուայի ուշադրութեան առարկայ։ Աշխապատի մէջ հանդիպում. Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ չկայ հաղորդակցութեան որեւէ պակաս:
Փարիզի հայաշատ արուարձաններէն Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ը փառաշուք համերգի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Երէկ երեկոյեան, Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը բառին բուն իմաստով նուաճում մը արձանագրեց Փարիզի մէջ, ուր արժանացաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններու։
Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ յոբելենական փայլուն ձեռնարկ մը:
Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի նախկին պոլսահայերը Պէյսայտի մէջ ընթրիքի մը մասնակցեցան՝ պանծացնելով կրթօճախը:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը այս առաւօտ մեկնեցաւ Փարիզ։ Խումբը կը գլխաւորէ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան՝ դպրաց դասու նախագահի հանգամանքով։ Ուղեւորութեան կը մասնակցին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Երուսաղէմի երջանկայիշատակ պատրիարք Տ. Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին ձօնուած շահեկան ժապաւէն մը:
Ժառանգաւորաց վարժարանի մեծ սրահի երդիքին տակ խանդավառ ցուցադրութիւն՝ յիշողութեան թարմացմամբ:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ՝ նկատի ունենալով, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ առկայ հալածանքներու մթնոլորտը կ՚ուղղորդուի նաեւ սիստեմաթիք ապատեղեկատուութեամբ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ֆրանսացի իմաստասէր, գրականագէտ եւ մշակութաբան Ժաք Տերիտա ամբողջ կեանքը տրամադրած է բարոյականութեան, քաղաքականութեան եւ լեզուի հիմքերու վերաիմաստաւորման։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին». (Ա ՊԵՏ. Ե 7)։
Երանութիւնները կը համապատասխանեն մարդուն երջանկութեան բնական բաղձանքին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ ըսած ենք, որ մեր իրականութեան մէջ կան անձեր, որոնք ցաւ ի սիրտ տրուած են մոռացութեան. անկասկած անոնցմէ մէկն է խմբագիր ու մանկավարժ Մարի Պէյլէրեան, որ եղած է նահատակ մտաւորականներու կին ներկայացուցիչներէն մէկը:
Երէկ, Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Թուֆան Էրհիւրման, Յունական Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտիս եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Մարիա Անկելա Հոլկէն ունեցան հանդիպում մը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան տեսակցեցաւ Իրաքի նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ճեմալ Ռաշիտիի հետ։ Նախագահներուն հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աշխապատի մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին մասնակցելու համար Միջազգային խաղաղութեան ու վստահութեան ֆորումին, որ կազմակերպուած է Թիւքմենիստանի նախաձեռնութեամբ։
Երէկ երեկոյեան, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան մեկնեցաւ Աշխապատ, ուր այսօր կը մասնակցի Միջազգային խաղաղութեան ու վստահութեան ֆորումին, որ կազմակերպուած է Թիւրքմենիստանի նախաձեռնութեամբ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի դրական փոփոխութիւնները կը ստեղծեն տնտեսական համագործակցութեան խորացման նոր հնարաւորութիւններ։
«Mamut Art Proect»ը այս տարի տասներկրորդ անգամ. ծրագրի պատասխանատու Սէրտա Արսլան:
Եզակի նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս կը ներկայացուին երեսուներեք արուեստագէտի ստեղծագործութիւնները:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը վաղը առաւօտ պիտի ուղղուի Փարիզ։ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի հայաշատ արուարձաններէն Առնուվիլ քաղաքի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի կազմակերպած «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ին պիտի մասնակցի երգչախումբը։
Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւի կողմէ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։ Նախարարները խորհրդակցեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ TRIPP նախագիծը ունի լիարժէք ներուժ Միջին միջանցքի կարեւոր բաղադրիչներէն մին դառնալու համար։
Փաշինեան Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգին անդրադարձաւ զանազան հաւաքոյթներու ընթացքին։