Արխիւ
Ցամաքամասերու եւ ովկիանոսներու մակերեսին վրայ արձանագրուած ջերմութեան աստիճանը կ՚ահագնանայ:
Կլիմայի փոփոխութեան պայմաններուն ներքեւ բնական ահաւոր աղէտները սարսափելի վնասներ պատճառել սկսած են:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ ժամանակն է Ատրպէյճանի հետ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը եւ յառաջ ընթանալ տնտեսական հնարաւորութիւններու բացման ուղղութեամբ։
Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, երէկ երեկոյեան, «Ճաշ սալոն»ի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որուն մասնակցութիւն բերին գեղարուեստասէր շրջանակներէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Յայտնի թատերական գործիչ, դերասան ու բեմադրիչ Պօղոս Չալկըճըօղլու այս երեկոյթի ատենախօսն էր։
Երէկ երեկոյեան, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան իֆթարի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ Թուրքիոյ կրօնական առաջնորդներուն հետ՝ իր կողքին ունենալով Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս սարքուած ընթրիքին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ կարճատեւ այց մը տուաւ մայրաքաղաք Անգարա։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի եօթ յառաջատար կրթական կառոյցներ միաւորուած եւ ստեղծած են «405 կրթական դաշինք» միասնական հարթակ մը՝ կրթական ոլորտի կառոյցներու փոխգործակցութեան եւ նոր կրթական ծրագիրներու իրականացման համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացէն ներս Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը…
Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտին՝ մեկնաբաններ նպատակայարմար կը նկատեն աշխուժացնել «3+3» ձեւաչափը, վերակենդանացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի գործունէութիւնը եւ «ապասառեցնել» հայկական կողմին ՀԱՊԿ-ին մասնակցութիւնը՝ տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երջանկայիշատակ Բաբգէն Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսի քարոզներէն մէկը, որ գրի առած եւ խօսած է եպիսկոպոս եղած ժամանակ: Բարի ընթերցանութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տնտեսական գործունէութիւնը կ՚ենթադրէ գերակայ բարիին հասնիլ՝ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն ճանչնալ։ Տնտեսութիւն, որ ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ վարել, կառավարել, մատակարարել, նպատակ ունի, նպատակ ունենալու է բարձրագոյն բարի՛ն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայերէն լեզուին մէջ կան բառեր, որոնք լուրջ վերլուծութեան կը կարօտին. այդ բառերէն են, օրինակ՝ «խիղճ», «անխիղճ» ու «խղճալի» բառերը. այս բառերուն քովը կարելի է աւելցնել նաեւ «գութ», «անգութ» ու «գթութիւն» բառերը եւ պահ մը քով քովի բերել խղճալ ու գթալ բառերը՝ որոնք իրարմէ այնքան ալ տարբեր չեն երեւիր:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցուած ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին մէջ որեւէ զիջում խնդրոյ առարկայ չէ։
Մարդ երբեմն կը տեսնէ միայն իր աչքին առջեւինները, երբեմն ալ ընդհակառակն՝ աչքի առջեւինը բնաւ չի տեսներ։ Անտարակոյս, սա միայն բնաւորութեան հետ սահմանափակուած չէ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքէն երկու երաժշտասէր գործիչներ՝ Հռիփսիմէ Քարափեքմէզն ու Լեռնա Սորկոսը։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ամէն անգամ որ գաղութ մը այցելելու առիթը կ՚ունենամ՝ կ՚ուզեմ նաեւ տեսնել հոն գործող հայկական դպրոցները։ Կը տեսնեմ, թէ ինչքան անփոխարինելի է հայ դպրոցին դերը հայակերտումի եւ մարդակերտումի գործընթացին մէջ՝ սփիւռքեան իրականութիւններուն համար։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ներկայ ընկերութիւնը այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծած է, որ այսօրուան մարդը առանց աշխատելու, առանց վաստակելու, առանց յոգնութեան, կ՚ուզէ հարստութեան տէր դառնալ եւ հանգիստ ու բարօր կեանք ապրիլ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Եթէ առօրեայ գործ մը ունիք, գործեր, մէկէ աւելի պատասխանատուութիւններ, դպրոցական զաւակ մը, զաւակներ, առաւել եւս՝ նախակրթարանի դասարաններուն պատկանող աշակերտ մը, որ շատ յաճախ ձեզի լրջօրէն, ամենայն անկեղծութեամբ կը հարցնէ՝ ինչո՞ւ դպրոց պէտք է երթանք…
Սուրբ գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան երէկ կարճ կեցութիւն մը ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Հրայր Ճէպէճեան, որ պաշտօնի բերումով յաճախ կը ճամբորդէ, Իսթանպուլի մէջ այցելեց Էսաեան վարժարանը։
Էսաեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի, բազմավաստակ կրթական մշակ Սաթենիկ Նշան արդարացուեցաւ դատական մարմիններուն կողմէ։
Գարակէօզեան տան հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս, վերջին օրերուն դպրոցին մէջ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Այսպէս, ողբացեալ Արամ Նիկողոսեանի յիշատակին ձօնուած երկրորդ միջվարժարանային մրցաշարքը համախմբեց մեր համայնքէն հոծ թիւով նոր սերունդի ներկայացուցիչներ։
Ապպաս Արաղչիի Երեւան այցելութեան օրը Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնով զրուցեց Մարքօ Ռուպիոյի հետ:
Թեհրան միշտ կը վերահաստատէ, որ դէմ է Հարաւային Կովկասի երկիրներու միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու որեւէ փոփոխութեան: Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ կ՚արժեւորեն տարածաշրջանային օրակարգի հարցերը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ երէկ Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը հիւրընկալելու ժամանակ խնդրեց, որ Թուրքիա աջակցի Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման։