Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային գոյութիւնը կ՚ընթանայ ընտրութիւններու միջոցով եւ այդ ընտրութիւնները անշեղ ուղղուածութիւն մը ունին դէպի ճիշդը, դէպի կատարեալը. Սակայն, հակառակ ջանքերուն, այս ուղղուածութիւնը միշտ իր նպատակին չի հասնիր եւ ակամայ ճիշդին քով տեղ կը գտնէ նաեւ սխալը՝ որ կեանքի միւս երեսակը կը կազմէ:
Սուրբ գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան երէկ կարճ կեցութիւն մը ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Հրայր Ճէպէճեան, որ պաշտօնի բերումով յաճախ կը ճամբորդէ, Իսթանպուլի մէջ այցելեց Էսաեան վարժարանը։
Էսաեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի, բազմավաստակ կրթական մշակ Սաթենիկ Նշան արդարացուեցաւ դատական մարմիններուն կողմէ։
Գարակէօզեան տան հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս, վերջին օրերուն դպրոցին մէջ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Այսպէս, ողբացեալ Արամ Նիկողոսեանի յիշատակին ձօնուած երկրորդ միջվարժարանային մրցաշարքը համախմբեց մեր համայնքէն հոծ թիւով նոր սերունդի ներկայացուցիչներ։
Ապպաս Արաղչիի Երեւան այցելութեան օրը Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնով զրուցեց Մարքօ Ռուպիոյի հետ:
Թեհրան միշտ կը վերահաստատէ, որ դէմ է Հարաւային Կովկասի երկիրներու միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու որեւէ փոփոխութեան: Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ կ՚արժեւորեն տարածաշրջանային օրակարգի հարցերը:
Նախաձեռնութեան կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի Լեզուի կոմիտէն եւ զանազան համալսարաններ:
Հեռանկարային ծրագիր մը. «Հայերէնը ոչ-հայախօսներու համար. լեզուի ուսուցում, ստուգում եւ գնահատում»:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ուաշինկթըն, ուր կը հիւրընկալուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին։ Մինչ այդ, Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Ընկերային ցանցերու վրայ աչքի կը զարնեն դիպուկ բանաձեւումներ, որոնք կը մերկացնեն մարդոց սին մեծամտութիւնները. «Այն, որ գիրք չի կարդար, որեւէ առաւելութիւն չունի ոչ-տառաճանաչին դիմաց»։ Նուազագոյնը ընելով առաւելագոյնին հասնելու ձգտումը կամ մտայնութիւնը մարդու էութեան մէջ է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Շատեր զղջումին եւ խոստովանութեան թեթեւ աչքով կը նային եւ այնքան ալ կարեւոր չեն համարեր հոգեւոր կեանքի մէջ աճման համար: Այս կերպ մտածող մարդիկը, պահեցողութիւնը եւս անկարեւոր կը համարեն, ըսելով, թէ այնքան ատեն որ Աստուծոյ շնորհքին մէջ կ՚ապրինք, այնքան ատեն որ Փեսան մեր մէջ ունինք, ի՞նչ կարիք կայ պահեցողութեան, առաւել եւս զղջումի եւ խոստովանութեան, երբ մենք ամէն օր կապի մէջ ենք մեր Աստուծոյն ու Փրկիչին հետ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայ անուանի երաժիշտ, տաղանդաշատ խմբավար, յօրինող եւ երաժշտական-հասարակական գործիչ Բարսեղ Կանաչեանի հայրը զրկանքներու գինով որդիին համար գնած էր ջութակ մը, որ մինչեւ կեանքին վերջը անբաժան էր Կանաչեանէն։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Երկար տարիներու աշխատանքային ճամբորդութիւններուս ընթացքին այցելած եմ շատ մը երկիրներ: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ տեսած եմ անոր գեղեցկութիւնը եւ դիտած եմ զայն իր տեղական պարունակին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Իրողութիւն է, որ յանցաւորները միշտ մտատանջութեան մէջ են, աւելի ճիշդ, միշտ կը կարծեն, թէ զիրենք հետապնդողներ կան: Առակացը որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞ այդ մասին:
Պատասխան. Այո, կ՚ըսէ: Կը կարդանք. «Ամբարիշտը առանց մէկէն հալածուելու կը փախչի, բայց արդարները առոյգ առիւծի պէս քաջասիրտ կ՚ըլլան» (Առ 28.1):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ աղօթքը երեք հանգրուան ունի. խնդրանք, յանձնարարութիւն եւ խորհուրդ առնել եւ վերջապէս՝ գործակցիլ։ Թէ ինչպէ՞ս կարելի է գործակցիլ Աստուծոյ։ Աստուծոյ գործը կատարել, աստուածահաճոյ գործ մը կատարել՝ արդէն Աստուծոյ գործակցիլ է եւ Աստուծոյ գործակցիլ՝ ինքնին աղօթե՛լ է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մենք գիտենք, որ արտաքին աշխարհը իր ուղղակի կամ անուղղակի ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մեր ուղեղին մէջ եւ անոր հիման վրայ մարդու հոգեկան տրամադրութիւնը կը ստանայ ուրախ, տխուր եւ կամ սովորական իրավիճակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կ՚աղօթէ ինչպէս որ կ՚ապրի, քանի որ մարդ կ՚ապրի ինչպէս որ կ՚աղօթէ։ Եթէ մարդ չուզէ սովորաբար գործել ըստ Հոգիին Քրիստոսի, ո՛չ ալ կրնայ սովորաբար աղօթել Անոր անունով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ մը դասատուներ անտարբերութիւնը կը շփոթեն լրջութեան հետ. ամէն դասատու կ՚ուզէ իր անձին շուրջ խորհրդաւորութիւն մը ստեղծել եւ շատ անգամ այդ մէկը սխալ անդրադարձ կ՚ունենայ, որովհետեւ լրջութիւնը այլ բան է, իսկ անտարբերութիւնը ամբողջութեամբ այլ բան:
Շաբաթավերջին, Աթագիւղի մարզահամալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Իսթանպուլի մարմնամարզի առաջնութիւնը։ Փոքրերու դասաւորման համար կազմակերպուած այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Շիշլի մարզակումբը։
Համաշխարհային ջուրի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ կազմակերպուեցաւ՝ միջազգային մակարդակով մարտահրաւէրի վերածուած ջուրի արդիւնաւորման խնդրին վերաբերեալ կարեւոր հաւաք մը։
«Հայճար»ի 11-րդ ընդհանուր ժողովը շաբաթավերջին գումարուեցաւ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Նազար Շիկահերի կողմէ գլխաւորուած անցեալ շրջանի վարչութեան գործունէութեան վերաբերեալ բոլոր տեղեկագիրները վաւերացուեցան միաձայնութեամբ։