Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նախորդ գրութեամբ հիմնականին մէջ հաւաքածոյ մը կազմած էինք տարբեր մտածողներու կողմէ Աստուածաշունչի մասին հնչեցուցած կարծիքներէն: Այս գրութեամբ դարձեալ հաւաքածոյ մը պիտի կազմենք, այս անգամ առաւելաբար Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Հայրերու մտածումներէն Աստուածաշունչին մասին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Երբ տղայ էի, տղու պէս կը խորհէի…», կ՚ըսէ Առաքեալը։ Ամէն տարեց մեծ կարօտով կը կրկնէ Առաքեալին այս խօսքը եւ կ՚աւելցնէ. «Ա՜հ, երանի թէ տակաւին տղայ եղած ըլլայի, ապրէի այն երջանիկ եւ անպատասխանատու օրերը…»։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման խանդավառ արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր մարզական փառատօն մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացը կը շարունակուի բնականոն հունին մէջ։ Ներկայիս պատկան իշխանութիւններէն կ՚ակնկալուի պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Նախաձեռնարկ մարմինը արդէն Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ պետութեան դիմում կատարած է՝ պահանջելով ընտրական կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Այդ դիմումը յառաջիկայ շրջանին պիտի արժեւորուի Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019

ՀԲԸՄ-ի, «Պօղոսեան» հիմնարկի եւ Պելժիահայ մշակութային միութեան նախաձեռնութիւնը:
Villa Empain-ի երդիքին տակ հանդէս եկաւ նաեւ յայտնի տուտուկահար Լեւոն Մինասեան:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ես շատ չեմ մտահոգուիր, եթէ գիտնամ, թէ ձախողած էք ձեր կեանքին մէջ. սակայն չափազանց շատ կը մտահոգուիմ, եթէ գիտնամ, թէ դուք անհոգ եւ անտարբեր էք ձեր ձախողանքին մասին», կ՚ըսէ Abraham Lincoln։
Արդարեւ, ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, անհոգութիւնը եւ անտարբերութիւնը մարդկային կեանքի մէջ ամէն վատ իրողութիւններէ աւելի՛ կործանիչ եւ աւելի՛ քայքայիչ դեր մը կը խաղայ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Օր մը ժողով կը գումարեն աշխարհի քանի մը մասնագիտութիւններու հմուտ անձինք, որոշելու համար, թէ ո՛ր ասպարէզը առաւել կարեւոր է։ Մասնագէտներու շարքին էին՝ քաղաքագէտը, արուեստագէտը, բժիշկը, անասնաբոյժը, այգեպանը, շարժավարն ու մաքրութեան պատասխանատուն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Եթէ նախորդ երկու յօդուածներով ներկայացուցի Հայաստանէն Թուրքիա գաղթի հիմնական պատճառները, թէ՛ ուղարկող կողմի մէջ (անկախացում, երկրաշարժ, պատերազմ, տնտեսական վերափոխումներ եւ շարունակուող ապաշնորհ կառավարում ու բարձրաստիճան ղեկավարութեան կողմէ թալան) եւ թէ հիւրընկալող կողմի (Թուրքիոյ տնտեսական յառաջխաղաց, սպասարկման ոլորտի մէջ աժան շահագործելի աշխատուժի կարիք, այլ երկիրներու հետ համեմատած՝ նիւթական եւ (ան)օրինական դիւրութիւններ), ապա այս սիւնակով կ՚անդրադառնամ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիներու որոշ ժողովրդագրական եւ ընկերային տուեալներուն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

Անթիլիասի մէջ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռագրերու վերանորոգման նպատակով։ Այս կարեւոր ծրագրի իրականացման համար նիւթական աջակցութիւն ցոյց կը տրուի Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

Առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոսսի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը համաձայն գտնուեցան, որպէսզի Ռոսս պաշտօնական այցելութիւն մը տայ Թուրքիա։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

Ուքրայնոյ նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Անգարայի մէջ ան կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարժումները տեղի կրնան տալ զինման անհակակշիռ արշաւի մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութին համոզուած է, որ ԱՄՆ-ի՝ Միջին հեռահարութեամբ հիւլէական զօրքերու համաձայնութենէն դուրս գալը կը վտանգէ միջազգային անվտանգութիւնը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցան Ստեփանակերտի մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Հաւաքուած ենք Արցախ՝ զգալու համար միասնականութեան ուժը»:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

«Մեր ռազմավարական գործընկեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կ՚ակնկալենք այնպիսի քայլեր, որոնք յարիր են իսկական դաշնակցի մը»:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Պեշթեփէի համալիրին մէջ կէսօրուան ճաշասեղանի շուրջ հիւրընկալեց դեսպաններու տարեկան խորհրդաժողովի մասնակիցները:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

Son günlerde Narlıkapı Surp Hovhannes Kilisemizle ilgili dedikodu mahiyetindeki bir söylentiyle ilgili gerçeklerin kamuoyuyla paylaşılma gereği hissedilmiştir.

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան անդամները։ Ատենապետ Կարօ Համամճեանի կողմէ գլխաւորուած թաքսիմցի վարչայինները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019

Մեծ Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած երէկուան յոբելենական երեկոյթը փայլուն անցաւ:
Տոց. Թունճէր Էօնտէր Գնալը կղզիի մէջ մեկնաբանեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները՝ գրաւելով ունկնդիրներու սիրտը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2019

Յառաջիկայ 22 օգոստոսին Գումգաբուի մէջ պիտի մէկտեղուին Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներն ու թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները՝ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու համար Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացէն ներս միասնական ջանքերով կատարուելիք վիթխարի աշխատանքին շուրջ:
Ընտրացուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման մարտահրաւէրը կը պայմանաւորէ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ երաշխաւորեալ մթնոլորտի մը ստեղծուիլը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սադուկեցիները փոքր, բայց քաղաքականապէս ուժեղ կուսակցութիւն մը կամ դասակարգ մըն էր հրեաներու մէջ։ Հաւանաբար, ամենէն շատ անոնք յայտնի էին Մովսէսի օրէնքի գիրին հնազանդելու իրենց աննկուն հաւատքի եւ հոգիներու եւ հրեշտակներու իրական ըլլալը, ինչպէս եւ յարութեան եւ յաւերժական կեանքի վարդապետութիւնները ժխտելու համար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար միւս երեք աւետարանիչները փորձութեան մասին կը գրեն, իսկ Յովհաննէսը՝ ո՛չ:
Պատասխան. Կ՚ըսենք, չորս [պատճառով]. նախ՝ որովհետեւ Աւետարանները մարդեղութիւնը կը սորվեցնեն, պէտք էր նաեւ փորձութիւնը գրել, իսկ Յովհաննէս՝ Քրիստոսի Աստուածութիւնը կը սորվեցնէ, փորձութեան մասին չի՛ գրեր, «որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն» (Յկ 1.13), կ՚ըսէ Առաքեալը:

Էջեր