Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ Եւրոխորհուրդի Իսթանպուլի պայմանագրին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ԵԽ-ի այդ պայմանագիրը կը վերաբերի կանանց դէմ կամ ընտանիքէ ներս բռնութեան կանխարգիլման եւ համապատասխան պայքարին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Հալէպի մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ Սուրիահայ 17-ամեայ երիտասարդ մը զոհ գնաց կրակոցին։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Շանթ Քէօշկէրեան սպաննուած է Հալէպի Մարթինի փողոցին մէջ։ Դէպքի մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն վերջնականօրէն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Մեծ կղզիի յունաց պատմական որբանոցի վերականգնման համար կը նախատեսուի շուրջ հինգ տարի եւ առնուզան 40 միլիոն եւրօ ներդրում:
Եւրոպական պատկան մարմինները տեղեկագիր մը հրապարակեցին՝ մասնագէտներու կողմէ տեղւոյն վրայ կատարուած քննարկումներու լոյսին տակ: Եւրոպայի ամենամեծ փայտաշէն կառոյցի փրկութեան առաջադրութեամբ մշակուած ծրագրի հիմնական նպատակն է տարածքը վերաշահիլ եւ շէնքերը դարձնել անվտանգ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019

Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան իր երկրորդ նիստը գումարեց Գումգաբուի մէջ. շուրջ 4 ժամ:
Պատրիարքարանէն հերթական նամակը կ՚ուղարկուի պատկան իշխանութիւններու՝ Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդս պէտք է չափաւոր եւ կշռուած վերապահութեամբ մօտենայ մարդոց «անհատական կեանք»ին։ Լրատուութեան ասպարէզին մէջ, լրատուական պատասխանատուները պէտք է «կշռուած համաչափութիւն» մը պահպանեն հասարակաց բարիքին պահանջքներուն եւ անհատական իրաւունքներուն միջեւ։ Արդարեւ, արդի ընկերութեան ծոցին մէջ, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները տեղեկատուութեան, մշակոյթի յառաջացման եւ կազմաւորումին նկատմամբ կարեւոր դեր մը ունին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Պահ մը եթէ կանգ առնենք եւ առանց կանխակալ կարծիքի՝ մտածենք այն մեծ գաղափարներուն մասին, որոնք յուզած են մեզմէ առաջ ապրած սերունդներ ու իմաստուններ եւ կը յուզեն նաեւ մեզ այսօր, եթէ փորձենք հարցականի ենթարկել ապահովութիւն ներշնչող գաղափարները եւ մարմարի վրայ գրուած-գրուող ճշմարտութիւնները, թերեւս նուազ սխալներ կը գործենք, նուազ կը դժբախտանանք եւ նուազ կը դժբախտացնենք:

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդոց դիմագրաւած դժուարութիւնները ընդհանրապէս արմատախիլ ընելու փոխարէն՝ ակներեւ է, որ մեծ պետութիւններ միշտ կ՚ուզեն հակամարտութիւններու տաք գօտիներ պահել եւ բազմացնել: Սակայն այդ վայրերուն մէջ բնակող մարդոցմէ ոմանք բոլոր ձեւերով կառչած են կեանքին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հին խօսք է ու զայն զանազան առիթներով լսած եմ. «Եթէ լեզուն մեռնի, մենք ալ հետը պիտի մեռնինք...»։ Իրօք կա՞յ այդպիսի բան, կամ այսօրուան բաւականին խճճուած աշխարհին մէջ, երբ մէկ կոճակով կարելիութիւն կը ստեղծուի ամենահեռաւոր երկիրներու պետական գրադարանները մուտք գործել, որքանով ժողովուրդի մը լեզուն կը պայմանաւորէ, կամ աւելի կ՚երաշխաւորէ ժողովուրդի մը ինքնութիւնը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

ԵԽ-ի Իսթանպուլի պայմանագրի վաւերացման գործընթացը բանավէճի մը ծնունդ տուած է Հայաստանի մէջ:
«Բարոյագիտական ուսուցումներու հետ անհամատեղելի են կենսաբանական երկու սեռէ զատ տարբերակումները»:

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Մինչեւ 19 տարեկաններու Ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ Հայաստանի մէջ, շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին։ Մարզական աշխարհէ ներս լայն արձագանգ ստեղծեց Հայաստանի հիւրընկալած այս մրցաշարքը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Թումանեանի հէքեաթները» գերմաներէն գիրքին շնորհանդէսը: Հէքեաթներու թարգմանութիւնը կատարած են Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, գերմանաբնակ հեղինակ, թարգմանիչ Ագապի Մկրտիչեան եւ Փրոֆ. Հելմութ Մալոնեք:

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ Դէպքը պատահեցաւ Հայաստանի սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Երէկ, Երեւանի արուարձաններէն Քանաքեռի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ։ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ տեղի ունեցած արարողութիւններուն նախագահեց Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ համերգ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Այսպէս, կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ «Ychorus» համերգը, որու ընթացքին բեմ առաւ նաեւ «Prochne» խումբը։ Երեկոյթին նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան ի նպաստ ընթրիք մը։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած միութեան նորընտիր վարչութեան պաշտօնի գլուխ գալէն վերջ կազմակերպուած հիմնական ձեռնարկն էր այս մէկը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթական համալիրէն 13 աշակերտներ, որոնց կ՚ընկերանային նաեւ իրենց ուսուցիչները։ Նորին սրբազնութեան կողքին էր Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Տաղաւարը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Կրօնական արարողութիւններուն առընթեր, մասնաւորապէս երիտասարդները վերակենդանացուցին զիրար թրջելու, իրարու վրայ ջուր սրսկելու աւանդութիւնը։

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին հետեւողներուն համար աւելի քան յստակ սկսած է դառնալ, որ Լիբանանը ոչ միայն տնտեսական լուրջ խնդիրներ ունի, այլեւ ունի սխալ կառավարման հիմնահարց։ Երկար տարիներու ընթացքին, համայնքային կապուածութիւններու պատճառով, նաեւ պաշտօնները համահաւասար կերպով բաժնելու պարտադրանքին ականջ տալով՝ երկիրը կորսնցուցած է լուրջ եւ ճիշդ կառավարում մը իրականացնելու հիմնադրոյթներէն։

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2019

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Սուրբ Պատարագի խորհուրդը Եկեղեցւոյ սիրտն է։ Սուրբ Սեղանի վրայ մատուցուած Սուրբ Պատարագը նման մեր ֆիզիքական մարմնի սրտին, ունի մղիչ զօրութիւն եւ այդ զօրութիւնն է որով կը մատակարարուի մեր հոգեւոր կեանքին կենսապարգեւ եւ կենսանորոգ սնունդը։ Ամէն անգամ որ որպէս հաւատացեալներ Սուրբ Պատարագի խորհրդակատարութեան կը մասնակցինք, կը լսենք Աստուծոյ Խօսքը եւ կը վայելենք Քրիստոսի պատուական Մարմնին եւ Արեան ներկայութիւնը։ Ոչ միայն կը վայելենք, այլ նաեւ իբրեւ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ արտայայտութիւն, զԱնոնք կ՚ընկալենք մեր մտքերուն, սրտերուն եւ մարմիններուն մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2019

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պայծառակերպութիւնը նախաճաշա՛կն է Արքայութեան։ Այն օրէն սկսեալ երբ Պետրոս դաւանեցաւ, թէ Յիսուս Քրիստոս Որդին է կենդանի Աստուծոյ, Քրիստոս սկսաւ յայտնել, թէ Ինք պէտք էր Երուսաղէմ երթար, հոն չարչարուէր, խաչուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր։

Էջեր