Արխիւ
Լեռնային Ղարաբաղի առկայ թէժ պատերազմի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն իրերայաջորդ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ Հայաստանի եւ Արցախի նախկին ղեկավարներու մասնակցութեամբ։
Նիկոլ Փաշինեան. «Որեւէ դիւանագիտական լուծման մասին խօսիլը անիմաստ է գոնէ այս փուլին»:
Հայաստանի վարչապետի երէկուան յայտարարութիւններէն վերջ իր բանբերը հանդէս եկաւ պարզաբանումներով:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց Պրիւքսել, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի յառաջատար դէմքերուն հետ, Արցախի լայնածաւալ պատերազմի բարդ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։
Մոսկուայի երէկուան քննարկումներէն վերջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթըն կ՚ուղղուին՝ վաղուան շփումներուն համար:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը բարդ է ու կրակի դադրեցումն է միակ ճիշդ ուղին:
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա անդրդուելի կը մնայ Պաքուի կողքին։ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ երէկ «CNN Türk»ի ուղիղ եթերին վրայ յայտարարեց, որ Թուրքիա ռազմական համագործակցութեան պայմանագիր ունի Ատրպէյճանի հետ։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի համատեղ մասնակցութեամբ, աշխարհի մեծ կրօններու ներկայացուցիչները նախընթաց օր իրականացուցին խաղաղութեան մեծ աղօթք մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ աւագ հիւպատոս Ժոհաննէս Ռեկենպրեխթը։ Աւագ հիւպատոսը, որ սեպտեմբեր ամսուան մէջ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, Պատրիարք Սրբազան Հօր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալով, փափաքած է ծանօթանալ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան հանդիպում մը կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։
Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման նպատակով աշխատանքները կը շարունակուին»:
Վլատիմիր Փութին եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ քայլերը - Թրամփի վարչակազմն ալ կ՚աշխուժանայ՝ իր ներդրումը բերելու համար:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր կարճատեւ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները իր շփումներու ծրագրին մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած։ Պարզապէս հաղորդուած է, որ Մնացականեան կը տեսակցի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Արցախ տարուեցաւ հայոց բանակի՝ Աշոտ Երկաթի խաչը, որու մէջ զետեղուած են Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նխագահեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Անցեալ շաբաթավերջին, Վազգէն Վարդանօղլուի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէր Կաուվին։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
ԽՕՍԻԼ. Երեխաները առաւել դիւրին կ՚արտայայտեն իրենց մտքերը, քան զգացումները, ուստի սկսէ՛ք խօսիլ երեխային հետ եւ խօսեցնել զայն: Այդ խօսակցութիւնը պէտք է համապատասխան ըլլայ երեխայի տարիքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ գտնուող շիւղը կը տեսնես, բայց քու աչքիդ գերանը չես նշմարեր… Նախ քու աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որպէսզի յստակ տեսնելով՝ կարենաս եղբօրդ աչքէն շիւղը հանել» (ՂՈՒԿ. Զ 41-42)։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ երէկ գիշերուայ տեւողութեան հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութիւնը եղած է յարաբերաբար կայուն-լարուած։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին նախարարները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Երեւանի փողոցները միշտ կը մնան եռուն։ Իրերայաջորդ ցոյցեր, երթեր տեղի կ՚ունենան՝ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ։
Արցախի ճակատին վրայ լայնածաւալ պատերազմը ընթացքի մէջ է։ Ամէն վայրկեան թէժ մարտերու վերաբերեալ լուրեր կը հասնին ռազմաճակատէն։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դռնփակ քննարկում մը իրականացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արցախի մէջ վերսկսած լայնածաւալ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ՝ Անվտանգութեան խորհուրդը արդէն երկրորդ անգամ անդրադարձաւ հակամարտութեան։