Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2019

Աւագ շաբթուան ամենէն նուիրական ու սուրբ օրն է Աւագ ուրբաթը, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ Յիսուսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման խորհուրդները: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կը կատարուին ընթերցումներ՝ Աւետարաններէն, որոնք կը պատմեն Քրիստոսի դատուիլը հռոմէացի կուսակալ Պիղատոսէն, հրեայ կրօնաւորներու ամբաստանութեամբ եւ պնդումով մահուան Անոր դատապարտումը, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրանալը, արեգակին խաւարիլը, տաճարին վարագոյրին պատռուիլը, երկրաշարժ պատահիլը եւ խաչին վրայ Յիսուսի վախճանիլը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2019

Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր օրերուն, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հաւատացեալները կ՚առաջնորդէ հոգեւոր խոր ապրումներու։ Այս ամբողջին մէջ միշտ կ՚առանձնանայ Ոտնլուայի կարգը, որ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ Աւագ հինգշաբթի օրը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Մարիէլ տը Սարնեզիի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով շարք մը հրատապ հարցերու շուրջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

Իսթանպուլի ընտրական խորհուրդը վաւերացուց քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքը:
Իմամօղլու ստանձնեց լիազօրութիւնները - ԱՔ կուսակցութեան վիճարկումները կը շարունակուին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Զատկի տօնէն վերջ սկիզբ պիտի առնէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Ինչ որ ալ ըլլան որոշ նեղ շրջանակներու տրամադրութիւնները (այս նիւթին երէկ անդրադարձած էինք այս սիւնակին մէջ), վերջին հաշուով թրքահայ իրականութեան մօտ այս պահուն կը տիրէ սպասողական վիճակ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետին յայտարարութիւնը՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան գանգատ կը յայտնէ կարգ մը ժողովական հայրերու աչալրջութեան կապակցութեամբ:
 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

​Երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին վրայ՝ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վերջին ընթրիք»ին ժամանակ, Ի՛նք Տէրը Իր աշակերտներուն ակնարկը հրաւիրեց Զատիկին լրումին վրայ՝ Աստուծոյ արքայութեան մէջ. «Կ՚ըսեմ ձեզի, այսուհետեւ երբեք պիտի չխմեմ այգիին բերքէն մինչեւ այն օրը երբ ձեզի հետ զայն դարձեալ պիտի ըմպեմ Հօրս Արքայութեան մէջ» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 29)։ Ամէն անգամ որ Եկեղեցին Սուրբ Պատարագի խորհուրդը հանդիսակատարէ, այս «խոստում»ը կը յիշէ եւ իր ակնարկը կ՚ուղղէ «Անոր որ կու գայ» (ՅԱՅՏ. Ա 4)։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ամերիկեան օրացոյցին մէջ կան իւրայատուկ օրեր, երբ պետական պաշտօնատեղիներն ու հանրային դպրոցները փակ կը մնան, յիշատակելու այդ օրերուն զուգադիպող տօները։ Օրինակ՝ Մարթին Լուտըր Քինկ օր, Նախագահներու օր, Նահատակաց օր, Բանուորական օր, Վեթերաններու օր եւ այլն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մինչ Փարիզը տօնական հանդերձանք առած կը նշէր քաղաքի խորհրդանիշները դարձած Էյֆէլ աշտարակի 130 եւ Լուվր բուրգի 30-ամեակները, Փարիզի միւս գեղեցկուհին՝ Նոթրը Տամ տաճարը կրակի լեզուակներու մէջ կ՚այրէր ողջ Եւրոպայի եւ աշխարհի աչքին առջեւ: Մարդիկ՝ արցունքն աչքերուն անզօր եւ վհատ կը դիտէին 850 եւ աւելի տարիներու պատմութիւն ունեցող հսկային այրիլը…

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Իսկ այսօր, այսօրուան մեծ եւ հոյակապ օրը՝ Հինգշաբթին, կարգելով շարակարգեցինք խորհրդածութեան բացափայլութիւնը, որ նոյնինքն արարչագործութեան հինգերորդ օրուան օրինակն ու պատկերն է, որուն ընթացքին ջուրերը բղխեցան՝ Աստուծոյ հրամանով, բոլոր տեսակի կենդանիները՝ երկրի, երկինքի եւ ջուրերուն մէջ եղող, իւրաքանչիւր սեռրն ու տեսակները բաժնուած եւ որոշուած (իրարմէ), որոնք կ՚ընթանան ջուրերու շաւիղներէն. (անոնց) շնչառութիւնը՝ ռնգուքներով չեն կլաներ օդը, այլ ջուրէն կ՚արտաշնչեն, ինչպէս ցամաքայինները՝ օդը։ Հողմերը անոնց ըմպելիքներն են, ինչպէս ցամաքայիններունը՝ ջուրերը. որովհետեւ խորերէն դէպի վեր կ՚ընթանան օդ կլանելու. ինչպէս որ ցամաքայինները խեղդելով կը սպաննեն ջուրերը, նոյնպէս եւ ջրայինները՝ օդը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Սրբոց տասն կուսանաց յիշատակութիւնը։ Աւագ շաբթուան այս խորհրդաւոր արարողութեան հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ֆաթիհի նորընտիր քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանին։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նորին սրբազնութեան հետ էին Ֆաթիհի գաւառակէն ներս գտնուող մեր եօթ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետ նշանակուեցաւ մեր համայնքի աշխոյժ գործիչներէն Արի Չոլաք։ Խնամակալութիւնը այդ պաշտօնը վստահած է Արի Չոլաքին, որ իր համախոհ ընկերներուն հետ յառաջիկայ շրջանին պիտի ձեւաւորէ Խնամատար մարմնի նոր կազմը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիները, որոնց հետ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի բազմամեայ գործիչներէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերար Ռուբէն Քեշիշեան։ Հանդիպման սկիզբին Ռուբէն Քեշիշեան ներկայացուց ուխտագնացութեան մասնակիցները՝ ուրախութիւն յայտնելով Հայաստանի մէջ գտնուելու կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ երէկ ձերբակալուեցաւ Փաքիստանի քաղաքացի մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս սահմանապահները ձերբակալեցին այս սահմանախախտը, որ կը փորձէր Թուրքիա-Հայաստան սահմանը հատել ապօրինի ձեւով։ Ըստ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, քանի մը օր առաջ սահմանապահները Թուրքիոյ տարածքին մէջ նկատած էին Հայաստանի սահմանին մօտեցող այդ անձը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Զարիֆը:
Թեհրան կը ձգտի, որ Թուրքիա եւ Սուրիա ապագային լաւ յարաբերութիւններու մէջ ըլլան՝ որպէս հարեւան երկիրներ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2019

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը, որ միեւնոյն ժամանակ գլխաւոր ճարտարագէտն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Սինոփսիս» ընկերութեան։ Երուանդ Զօրեան սփիռքահայ յայտնի գործիչ մըն է, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան մաս կը կազմէ եւ ՀԲԸՄ-ի ջանքերով ստեղծուած Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր-նախագահն է։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2019

ՀԲԸՄ Նիւ Եորքի մէջ ճաշասեղանով մը պատուեց Հայաստանի վարչապետի տիկինը:
Աննա Յակոբեան ներկայացուց իր գլխաւորած բարեգործական հիմնադրամներուն գործունէութիւնը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2019

Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը։

Էջեր