Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կը պատահին պահեր, երբ լրագրութիւնը եւ արձակ գրութիւնը իրարու կը խառնուին։ Գրուածքը այն ատեն այլ մարմին կը ստանայ, կը դառնայ աւելի ձիգ եւ սլացիկ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Աշխատասիրութիւն» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ ջանասիրութիւն՝ ուժը գործածել արդիւնք մը ձեռք ձգելու համար։ Աշխատասիրութիւնը, այս իմաստով կ՚ենթադրէ յարատեւութիւն, անվհատ գործելու եւ շարժելու պատրաստակամութիւն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան ապրիլի 24-ին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ խօսեցաւ հետեւեալ քարոզը։
«Ձեզմէ՝ շինողներէդ անարգուած այն վէմն է անիկա, որ անկիւնաքար եղաւ. եւ չկայ փրկութիւն ուրիշ մէկու միջոցով, որովհետեւ երկնքի տակ չկայ մարդոց տրուած ուրիշ անուն, որով կարելի ըլլայ մեր փրկութիւն» (Գործք. 4.11)։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Զատկուան սեղանը զարդարուած է. չոր ճիւղին վրայ տեղաւորուած արհեստական վարդագոյն փնջիկները գարնանային գեղեցկութեամբ մը օժտած են սենեակը, ուր նաեւ թռչուններու մանր հաւկիթներով զարդարուն կեղծ բոյները գարնան ծնունդի խորհրդանշանին կ՚ակնարկեն: Անդին Զատկուան կարկանդակներու համաչափ շարուածքը ու մանաւանդ արեւելեան համեմներուն բոյրը զգլխիչ է, հայկական գինիի շիշն ու գունաւոր հաւկիթներու կողովը ամբողջացուցած են կարծես այս գեղեցկութիւնը…, բայց ո՛չ, հոն ափսէի մը պարունակութեամբ հայկական խմորեղէնը՝ Զատկի կուլիչը, քաղցր հիւսուած հացը աչք կը քթթեն. նախկինին վրայ նոր սովորութիւն մը աւելցուած, նորին ընտելացում մը ըլլայ կարծես այս տեսարանով հաղորդուածը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

Ճաբոնի մէջ յայտնուած է աշխարհի ամենամեծ ոսկիէ լոգարանը։ Այսպէս, ապրիլի 22-ին զուտ ոսկիէ պատրաստուած աւելի քան 150 քիլօկրամ ծանրութեամբ աշխարհի ամենախոշոր լոգարանը տեղակայւած է Ճաբոնի Քիւսիւ կղզիի Սասեպօ քաղաքի առողջարանային գօտիի ջերմուկներու տաղաւարին մէջ: Այս մասին յայտնած է Kyodo լրատուական գործակալութիւնը, թէ ան անմիջապէս արձանագրուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

Նիւեորքցի ուսանող մը Apple-էն 1 միլիառ տոլար պահանջած է դէմքերու ճանաչման համակարգի սխալի համար։ Այսպէս, նիւեորքցի ուսանողը 1 միլիառ տոլարի հայց յարուցած է Միացեալ Նահանգներու Apple ընկերութեան դէմ, խանութներու մէջ դէմքերու ճանաչման համակարգի սխալի պատճառով, որով ան ընդունուած է փնտռուող յանցագործին տեղ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

Այն դաշնամուրը, որով նուագած է The Beatles խումբի հիմնադիրներէն մէկը՝ Ճոն Լենըն (1940-1980), վաճառուած է Gotta Have Rock and Roll ընկերութեան կազմակերպած համացանցային աճուրդով:
Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած ընկերութեան ներկայացուցիչները ըսին, որ երաժշտական գործիքը պատրաստուած է մօտաւորապէս 1872 թուականին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

Չինաստանի Սիչուան նահանգի Չենտու քաղաքի փանտաներու բազմացման կեդրոնին մէջ ներկայիս կը բնակին 195 մեծ փանտաներ: Մեծ փանտաներու բուծման կեդրոնը կը համարուի պաշտպանական, գիտական, հետազօտական, հասարակական, կրթական եւ զբօսաշրջային համաշխարհային խարիսխ մը, որու ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 100 հեքտար:

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ-Ունի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հիւսիսային Քորէա ունի հիւլէական զէնքեր եւ սա միջազգային բեմահարթակի մը վրայ կը համարուի լուրջ մարտահրաւէր մը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Իտալիա։ Նորին Սրբութեան ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Վատիկանի պետական քարտուղար Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի հրաւէրին ընդառաջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Դիտարկումներ՝ Ս. Զատկի առթիւ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած տօնական ընդունելութենէն:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան. «Մեր համայնքին մէջ կեդրոնական իշխանութիւն մը չկայ, ինչ որ կը ծնի քաոս մը, որովհետեւ հաւասարներու միջեւ յարաբերութիւնները չեն կանոնակարգուիր»:

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

Երէկ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի տօնակատարութիւն։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ այս առթիւ սարքուեցաւ տօնական ճաշկերոյթ մը, որուն մասնակցեցան մնայուն բնակիչներն ու ամբողջ անձնակազմը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2019

Ս. Զատկի տօնին առթիւ, երէկ, համայնքային հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները այցելեցին Պատրիարքարան։ Տօնական շրջանին այս աւանդական այցելութիւնով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ Գումգաբուի մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

Ապրիլի 24-ի առթիւ երէկ տեղի ունեցան վերյիշման արարողութիւններ: Ֆրանսայի մէջ «Ազգային օր» էր: Տանըլտ Թրամփի պատգամի շեշտադրումները անփոփոխ:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Բոլոր անոնք, որոնք Հայկական հարցի վրայով կ՚ուզեն մարդու իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան դաս տալ Թուրքիոյ, ունին արիւնալի անցեալ մը»:Ապրիլի 24-ի առթիւ Հայոց սուրբ նահատակները երէկ ոգեկոչուեցան աշխարհի չորս ծագերուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակեց պատգամ մը, որու բովանդակութեան մէջ 1915-ի դէպքերուն անդրադարձաւ որպէս Մեծ եղեռն։ Ամերիկայի զանազան կազմակերպութիւններ այդ նախըտրութեան համար բողոք յայտնեցին Թրամփի դէմ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

Türkiye Ermenileri Patrik Genel Vekili Sayın Aram Ateşyan,
Çok Değerli Ermeni Vatandaşlarım,
Sizleri en kalbi duygularımla selamlıyor, saygılarımı sunuyorum.

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այն ինչ որ «ճակատագիր» կ՚ըսուի, ստեղծագործութեամբ հաստատուած աստուածային «ծրագիր»ի մը մասն է, որ իւրաքանչիւր անհատի «դեր» մը, կամ պարտականութիւն մը կու տայ, որպէսզի ստեղծագործութիւնը հասնի իր նպատակին եւ «ծրագիր»ը անթերի կերպով կատարուի։ Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, արարչագործութիւնը տակաւին կը շարունակէ մինչեւ որ իր վախճանին հասնի, ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականանայ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Գեղեցիկ ու շքեղ հագուած կին մը մօտեցաւ գետնանցումի սանդուխներուն տակ նստած՝ հաւկիթ ծախող ծերունիի մը ու հարցուց.
-Հաւկիթները ի՞նչ կ՚արժեն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տարին Կոմիտասեան է. մեծ երաժիշտին, արուեստագէտին ծննդեան 150-ամեակին առթիւ Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ «Կոմիտասի գրիչի խաղերը» խորագրով բացառիկ ցուցահանդէս մը բացուած է:
Այս ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Կոմիտասը իբրեւ գծանկարիչ, որուն գծած պատկերները, շարժերը բացայայտումներ կ՚ընեն Կոմիտասի բնաւորութեան մասին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ եւ Հրաշափառ Յարութեան յաջորդող յիսուն օրերը, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը սահմանած ու կոչած են Յինանց կամ Յինունք անունով: Այս շրջանին, Եկեղեցին ամէն օր կը տօնախմբէ իր Հիմնադիրին՝ Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «3x3» ֆութսալի մրցաշարքը, որ ձօնուած էր Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին։ «Րէիս» ծածկանունով Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեան եղած էր ակումբի անմոռանալիներէն։

Էջեր