Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեան հիւրընկալեց Մատենադարանի ղեկավարութիւնը:
Կառոյցի միջազգայնացման եւ տարածքաշրջանային նշանակութեան բարձրացման համար կը մշակուին նոր ծրագրեր:
Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը երէկ երեկոյեան ժամերուն յայտարարեց, որ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութիւնը ջնջուած է եւ քուէարկութիւնը պիտի կրկնուի յառաջիկայ 23 յունիսին։
Ինչպէս ծանօթ է, մարտի 31-ին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքին Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան հարցին շուրջ խնդրայարոյց, վիճայարոյց կացութիւն մը ստեղծուած էր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճորճ Քենթ տեսակցեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կ՚աւարտէ հովուապետական այցելութիւնը դէպի Կրետէ:
Վեհափառ Հայրապետը երէկ հիւրընկալուեցաւ Իրինէոս Արքեպիսկոպոսին կողմէ, ներկայ էր նաեւ նահանգապետ Առնաութաքիս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Աստուած ամէն բան անոր իշխանութեան ենթարկեց եւ եկեղեցւոյ գլուխ կարգեց զայն՝ վեր ամէն բանէ։ Հետեւաբար եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է, ամբողջացումն է Քրիստոսի, որ կ՚ամբողջացնէ ամէն ինչ, ամէն տեղ» (ԵՓԵՍ. Ա 22-23)։
Աստուածամօր տաճարի բոցերու պատկերներուն հետեւեցայ հեռատեսիլէն: Անխօս: Մտածելու ունակութիւնս կորսնցուցած: Անզօրութեան զգացումով համակուած:
Երէկ, Մխիթարեան վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը։ Աւանդական Խաւիծի օրուան առթիւ վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուեցան թէ՛ վերյիշելով իրենց յուշերը եւ թէ ականատես ըլլալով այս խոր աւանդութիւններով կրթական հաստատութեան այս օրուան կացութեան
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան մայիսի 3-ին հանդիպում մը ունեցաւ յայտնի երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի հետ:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ 80-ամեայ յոբելեանի առիթով Բակօ Սահակեան անուանի երաժիշտին յանձնեց «Երախտագիտութիւն» մետայլ՝ կարեւոր համարելով անոր աւանդը Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման համար:
Կրետէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեակի յոբելենական մեծահանդէս տօնակատարութիւնները զուգադիպեցան Աշխարհամատրան կիրակիին: Հերակլիոնի մէջ երէկուան օրը բնորոշուեցաւ Հայրապետական Սուրբ Պատարագով: Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս ողջունեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը: «Aquila Atlantis» պանդոկի պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան պետական ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան առընթերակայ էր Վեհափառ Հայրապետին, որ համանուն սուրբի մասունքներով օրհնութիւն բաշխեց հաւատացեալներուն: Նորին Սրբութիւնը շատ ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերեց պոլսահայ ուխտաւորաց խումբին նկատմամբ: «Ասթորիա»ի երդիքին տակ կազմակերպուած գեղարուեստական ձեռնարկը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ կապերուն նկատմամբ նոր մօտեցում:
Վեհափառ Հայրապետն ու Նիկոլ Փաշինեան ելոյթներ ունեցան անդրանիկ ժողովի բացման ժամանակ:
Հերակլիոնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ 350-ամեակի փառաշուք ու պատմական յոբելեանը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս շաբաթավերջին այցելութիւն մը կու տայ Կրետէ կղզի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մանրադէտը (microscope) այն գործիքն է, որ բազմապատիկ անգամ աւելի մեծ ցոյց կու տայ այն իրերը՝ որոնք մարդկային պարզ աչքով անտեսանելի են եւ աննկատելի։ Այս գործիքը թէեւ անտեսանելի իրերը տեսանելի կ՚ընէ մարդուս, բայց կարելի է խորհիլ, թէ արդեօք կարելի՞ է գտնել մանրադէտ մը՝ որ կարենայ աւելի յստակ ցոյց տայ ո՛չ թէ նիւթական իրերը միայն, բայց նաեւ՝ անըմբռնելի, անմեկնելի մարդկային արտայայտութիւնները, անհասկնալի եւ թիւրիմացութեան պատճառ դարձող մարդկային յարաբերութիւնները։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Սա անոնց համար իւրայատուկ հանդիսութիւն մըն էր։ Իրենց կրթական կեանքի առաջին տարուան աշխատանքի արդիւնքը առաջին դասարանի փոքրիկները ներկայացուցին յատուկ հանդէսով մը։
Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր լեզուին տակը ի ծնէ ունի պզտիկ, աննշան, բարակ խլնաթաղանթային մաշկ մը (band), որ կը կոչուի սանձ-սանձիկ (frenulum): Այս կապը ոչ մէկ պաշտօն ունի եւ ոչ մէկ ձեւով արգելք կը հանդիսանայ լեզուի շարժումներուն:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Գեղեցիկ, զգացականութեամբ լի այս երգը իր երկրորդ ծնունդը առաւ 90-ականներուն, երբ Մայքըլ Պոլթոն վերաերգեց զայն։ Անիկա ամբողջութեամբ լեցուած է քնքշութեամբ եւ սիրով։ Ամէն տողի մէջ կը լսուի տղամարդու սրտի զարկը, երբ կը տեսնէ իր սիրելի էակը, յանուն որուն պատրաստ է փոխել երկրագունդի ուղեծիրն անգամ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հաւատարմութիւնը պարկեշտ քաղաքացիին բնորոշ ամենէն կարեւոր գիծերէն մին է։ Հաւատարմութիւն այն երկրին, ուր կ՚ապրիս եւ հաւատարմութիւն այն հողին, որուն շնորհիւ կ՚ամրապնդես կեանքդ եւ զարկ կու տաս ծրագիրներուդ իրականացման գործին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը, եւ եօթներորդ օրը դադրեցաւ եւ հանգստացաւ» (ԵԼԻՑ. ԼԱ 17)։ Աստուած «հանգստացաւ» կամ «դադրեցաւ» գործելէ, որովհետեւ երկրիս ստեղծագործութեան նկատմամբ ունեցած Իր մտադրութիւնը «կատարած» էր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ գաղութի թատրոնի անցեալն ու ներկան…
Սփիւռքի հայկական գաղութներու տարեգրութեան մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցուցած է թատրոնը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Այս ի՞նչ ծաղիկ է, տատի՛կ,- կը հարցնեմ մայթեզրին ամէն օր նստող, բանջարեղէն վաճառող տատիկին, որ այսօր արտադրութիւնը գեղեցկացուցած է եասամանի բուրաւէտ փունջերով ու դեղին, դաշտային ծաղիկներով:
-Սարերի ծաղիկ է, էլի, էս օրերին է ծաղկում,- կ՚ըսէ:
Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Տիար Արա Միսաքեան, որ երէց եղբայրն է համայնքային երախտաշատ բարերարուհի Մոնիք Երկանեանի։ Սա ցաւալի իրադարձութիւն մըն է եւ բօթը արձագանգ գտած է ամէնուր։