Արխիւ
Կրօնական ժողովը 29 ապրիլ 2019, երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, հաւաքուեցաւ Պատրիարքարանիս դահլիճին մէջ։
Ժողովս բացուեցաւ աղօթքով եւ աղօթելով ի հանգիստ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր հոգւոյն։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը 85-րդ գահակալով օժտելու ուղղեալ գործընթացը սկսաւ Կրօնական ժողովի նիստով. իրադարձութիւններուն կը սպասուի ուշադրութեամբ:
Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր յետմիջօրէին կ՚այցելեն Իսթանպուլի կուսակալութիւն, ուր պաշտօնապէս դիմում կը ներկայացնեն ընտրութեան համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած մարդը «իմացական արարած» ստեղծեց եւ անոր տուաւ անձի արժանապատուութիւն՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։ Ուստի մարդ ստեղծուած է ազատ եւ տէ՛ր է իր արարքներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յարութեան վարդապետութեան կը հանդիպինք նաեւ Հին կտակարանին մէջ. Յարութեան վարդապետութիւնը Հին ուխտի մէջ կա՛յ։ Ուստի Հին կտակարանի շատ մը հատուածներու մէջ կը մատնանշուի Յարութեան ճշմարտութիւնը, որոնցմէ օրինակներ կը ներկայացնենք ստորեւ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ ձեռնարկը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Ֆլորանսայի մէջ, Սուրբ Մինաս հայազգի մարտիրոսի նահատակութեան եւ համանուն տաճարի հիմնադրութեան 1000-ամեակին առթիւ յոբելենական տօնախմբութիւններ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս. «Արդի հասարակութիւնը, հակառակ գիտաթեքնիկ ու գաղափարական յառաջընթացի արագ զարգացման, նոյնպէս կարիք ունի հաւատի»:
Փորթուգալի խորհրդարանը շաբաթավերջին ընդունեց 24 ապրիլ թուակիր բանաձեւ մը, որով 1915 թուականի դէպքերը որակեց որպէս ցեղասպանութիւն։ Մինչ Փորթուգալ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Անգարայի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց՝ արտայայտելով իր հակազդեցութիւնը։
Ուղղափառ աշխարհը շաբաթավերջին նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առթիւ այցելութիւն մը տուին Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեցին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքին։
Այսօր յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ կը գումարուի Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը՝ նախագահութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ ատենապետութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Սա Կրօնական ժողովի երկար սպասուած նիստն է, որ պիտի գայ սկիզբը դնել նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին։
Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր վախճանման քառասնից լրման առթիւ:
Արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան քարոզեց թէ՛ հայերէնով եւ թէ թրքերէնով: Շիշլիի գերեզմանատուն փութացած էր նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը: Հոգելոյս սրբազանի յիշատակը համախմբեց հոծ թիւով հաւատացեալներ:
Սեպտեմբերին Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն եւ Շոշ համայնքներուն մէջ գործածութեան պիտի յանձնուին նորակառոյց մանկապարտէզները:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ այս մասին ըսած է Ասկերանի Կրթութեան բաժնի վարիչ Կառլէն Մայիլեան՝ նշելով, որ շրջանի 19 համայնքներուն մէջ արդէն կան մանկապարտէզներ, ուր կը յաճախէ 425 երեխայ:
Գեղարքունիքի մարզի Լճաշէն գիւղին մէջ, այս տարի, պիտի բացուի եւ գործէ հնագիտական թանգարան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը։
Վարշաւիոյ համալսարանի գրադարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Երեւանի Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Փիրուզ Մնացականեանի հեղինակած «Լեհահայեր, ձեռագրական ժառանգութիւն» գիրքի շնորհանդէսը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ շնորհանդէսը կազմակերպուած էր Լեհաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կողմէ։
Կին ձեռներէցներու համաշխարհային միութեան (FCEM) միջազգային համաժողովը լայն հնարաւորութիւն կու տայ բարձրացնել Հայաստանի գործարարութեան, զբօսաշրջային եւ մշակութային գրաւչութիւնը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ համաժողովը կազմակերպուած է Հայաստանի Երիտասարդ կանանց միութեան եւ Հայաստանի Կին ձեռներէցներու ցանցի կողմէ:
Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ապրեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիգրան Ֆարմանեանի մահուան բերումով։ Ան մահացաւ անժամանակ եւ երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
2019-ի Ս. Յարութեան տաղաւարին վերանորոգութեան եւ թարմ կեանքի խորհուրդներուն առընթեր, համայնքային կեանքէ ներս զգացինք նաեւ սուգի ներկայութիւնը։ Բարեկենդանի յաջորդող օրերուն պոլսահայ հաւատացեալներ, Պատրիարքական Աթոռոյ 84-րդ գահակալ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վախճանմամբ, իրենց մօտ գտան ազգային սուգի եւ ազգային կորուստի գաղափարը։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Երանաշնորհ Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հօր վախճանման քառասունքը արդէն իսկ անցած է։ Մեր հոգեւոր պետը իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց Մեծ պահոց օրերուն եւ քառասունքը զուգադիպեցաւ Աւագ չորեքշաբթի օրուան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք սիրոյ մասին. բնական է ասիկա, քանի որ կեանքը սիրո՛յ արդիւնք է, եւ հոն ո՛ւր սէր կայ, հոն կեանք կայ եւ հոն ո՛ւր սէրը մշտնջենական է, հոն կեանքը անմա՛հ է։ Արդարեւ սէրը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է՝ որով մարդ կը սիրէ Աստուած Իրեն համար՝ ամէն բանէ վեր եւ իր նմանները իբրեւ իր անձը, Աստուծոյ սիրոյն համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կը պատահին պահեր, երբ լրագրութիւնը եւ արձակ գրութիւնը իրարու կը խառնուին։ Գրուածքը այն ատեն այլ մարմին կը ստանայ, կը դառնայ աւելի ձիգ եւ սլացիկ։