Արխիւ
Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանէ ներս օդի պէս պէտք պիտի ունենայ ուժեղ ընդդիմութեան մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային միջազգային ճնշումներու դիմակայելու համար։
Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի Օթթօ ֆան Կերիկէի համալսարանի երդիքին տակ զրոյց:
Սարգսեան ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման համար կը կարեւորէ արդար եւ խաղաղ միջավայրի մը ստեղծումը. «Մենք պէտք է փորձենք այս բանը ընել այսօր, այլապէս ձեր եւ մեր երեխաները տարիներ անց ստիպուած պիտի ըլլան նոյն հարցը տալ»:
«Klasik Gitar İçin Gomidas Vartabed Düzenlemeleri» գիրքը հրապարակի վրայ:
Տոց. Թունճէր Էօնտէրի հեղինակած աշխատանքի յառաջաբանը ստորագրած է Զեքիեան Գերապայծառ:
Վրաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Սա ընտրութիւններուն երկրորդ՝ եզրափակիչ փուլն էր։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերու հիման վրայ՝ Հայաստանի արտասահմանեան դիւանագիտական կարեւոր ներկայացուցչութիւններու ղեկավար կազմին մէջ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Արման Կիրակոսեան կը դադրի պաշտօնավարելէ որպէս՝ Վիեննայի մօտ Հայաստանի դեսպան։
Հայկական զանգուածային լրատուական աշխարհը երէկ ունեցաւ կարեւոր կորուստ մը. ոչ եւս է յայտնի լուսանկարիչ Մարթին Շահպազեան։ 78 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է Մարթին Շահպազեան, որ իր լուսանկարչական արտադրութիւնը յառաջ կը տանէր բազմակողմանի ձեւով։
«Հայաստան Գերմանիան կը դիտարկէ՝ որպէս քաղաքական ու տնտեսական կարեւոր գործընկեր»:
Արմէն Սարգսեան եւ Անկելա Մերքէլ քննարկեցին Երեւան-Պերլին համագործակցութեան հեռանկարները:
Երէկ երեկոյեան, Սարըեէրի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որու մասնակիցները մօտալուտ Ամանորի սեմին համախմբուեցան քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճի տանտիրութեամբ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ «Տը կրան Թարապիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սարըեէրի գաւառապետ Օսման Կիւրսոյ։
Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ՝ հրատապ օրակարգով հեռախօսազրոյց մը:
Էրտողան եւ Թրամփ Պուէնոս Այրէսի յառաջիկայ հանդիպման ընդառաջ քննարկեցին Սեւ ծովու իրադարձութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Գիտենք անշուշտ, որ Օրէնքը հոգեւոր է, բայց ես մարմնեղէն եմ՝ մեղքին ստրուկ դարձած։ Ինչ որ կ՚ընեմ՝ չեմ հասկնար թէ ինչո՛ւ կ՚ընեմ։ Որովհետեւ ուզածս չէ որ կ՚ընեմ, այլ հակառակը՝ ատած բանս է որ կ՚ընեմ», (ՀՌՈՄ. Է 14-15)։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան «Քարաքալլա» հռչակաւոր պարախումբի մենակատարներէն՝ Նարինէ Քէչէճեան կը պատասխանէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այժմ տեսնենք, թէ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը ինչպէս բացատրած են այս նախադասութիւնը:
Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացին կ՚ըսէ. «Ապա, աղօթքի աւարտին, կ՚ըսես. «Ամէն»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սիրունը միշտ հիացուցած, իր կամքով եւ արուեստի նուիրումով զարմանք պատճառած է շատերուն, ով որ գիտէ զայն կամ ով որ լսած է անոր մասին: Անկրկնելի ոգի մը կայ այդ կնոջ մէջ: Իսկ վերջերս, ահաւասիկ, գիրք մը գրած է, բայց ոչ ձեռքով, կամ ալ՝ համակարգիչի վրայ տպելով, այլ՝ աչքերով:
Մխիթարեան վարժարանի մէջ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ 24 նոյեմբեր, Ուսուցչաց օրը: Մխիթարեան հայրերու, վարժարանի վարչայիններու, ուսուցչաց կազմի եւ ծնողներու ներկայութեամբ կայացած հանդէսին աշակերտները իրենց ինքնաբուխ ելոյթներով գիտցան կրկին սիրտերը գրաւել իրենց թանկագին ուսուցիչներուն:
Երէկ, Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը կազմակերպեց մեր կրթական մշակներու համար նախատեսուած տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ուսուցչաց օրուան շրջանին զուգադիպած այս պտոյտին մասնակցեցաւ շուրջ հարիւր կրթական մշակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առաքեալներուն հանգանակը կը դաւանի թէ Աստուած «Արարիչն է երկինքի եւ երկրի, իսկ Նիկիոյ-Կ. Պոլսոյ հանգանակը կը բացայայտէ «տեսանելի եւ անտեսանելի բոլոր էակները»։
Աստուածաշունչ մատեանի մէջ «երկինք եւ երկիր» ասոյթը կը նշանակէ ինչ որ գոյութիւն ունի. ամբո՛ղջ արարչութիւնը։ Արարչութենէն ներս Աստուածաշունչը կը մատնանշէ նաեւ այն զօդը, որ երկինքը եւ երկիրը իրարու կը միացնէ եւ միանգամայն կը զատորոշէ «երկիր»ը՝ աշխարհն է մարդոց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գէորգ Մուրատի անունը լսած պիտի չըլլայի, եթէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի մշակութային բաժինը կարճ նիւթ մը պատրաստած չըլլար արմատներով գամիշլիցի եւ Հալէպ ծնած հայ տաղանդաւոր նկարիչին մասին։ Գէորգն ու իր երաժիշտ գործընկերը՝ Քինան Ազմին նպատակ ունենալով օգնել սուրիացի փախստականներուն՝ «Տուները մեր մէջ» խորագրով նախագիծի մը ձեռնարկած էին։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Ինչպէս որ ժամանակ մը ձեր մարմինները անօրէնութեան տուած՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան կը ծառայէիք, այնպէս ալ հիմա սրբութեան տուէք ձեր մարմինները եւ արդարութեան ծառայեցէք» (Հռ 6.19)։
Գերագոյն բաղձանքը, զոր իւրաքանչիւր հաւատացող եւ մանաւանդ խորունկ հաւատացող անհատ կ՚ունենայ, այն է՝ տիրանալ սրտի սրբութեան եւ արդարութեան հաստատման։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը նորաօծ քահանայ հայրեր, որոնք ձեռնադրուած էին անցեալ հոկտեմբերի 7-ին։ Այս եօթ նորաօծ քահանայ հայրերը, աւարտած ըլլալով իրենց ապաշխարութեան շրջանը, ներկայացան Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացան իր օրհնութիւնները, նաեւ հայրական թելադրութիւնները իրենց յետագայ ծառայութեան վերաբերեալ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ նոյեմբեր ամիսը յատկացուած էր արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի կառոյցներու ծանօթացման:
Վարժարանին մէջ բոլոր դասարանները իրենց մակարդակին համեմատ կատարեցին Պալեաններու վերաբերեալ աշխատութիւններ ու տեղեակ դարձան անոնց Օսմանեան կայսրութեան օրով կառուցած ճարտարապետական գլուխ գործոցներուն։