Արխիւ
«Համազգային»ի կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի գործադիր տնօրէնը կ՚այցելէ Իսթանպուլ:
Արին Գալուստեան կրթական մշակներու հետ շփումներ ունեցաւ՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի կազմակերպութեամբ:
Սիրոյ սեղանի ընդառաջ խնամակալութիւնը կ՚անդրադառնայ Գալֆաեանի ինքնաբաւ դառնալու հեռանկարին:
Հաստատութեան անցեալի ընդարձակ տարածքներէն մէկուն պարագային կը շարունակուի դատական գործընթաց մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առատաձեռնութիւն»ը բնութեան եզական յատկանի՛շն է։ Ամէն ինչ ունի ան իր անծայրածիր, համատարած «ամբարանոց»ներուն մէջ, եւ ամէն ինչ կու տայ անսահման առատաձեռնութեամբ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի յոբելենական է հայ մամուլին համար: Մինչ շաբաթներ առաջ կը նշուէր «Բազմավէպ»ի 175-ամեակը, հայագիտական եւ աստուածաբանական հանրութիւնը կը պատրաստուի ուրիշ յոբելեանի մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հրատարակուած առաջին պարբերականին՝ «Արարատ» հանդէսի հիմնադրման 150-ամեակին: Այդ առիթով յառաջիկայ դեկտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գիտաժողով մը նախատեսուած է՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ, «Մայր Աթոռի գիտական հսկան» խորագրով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Առաջին այցելութեան վառ յուշերով կը մտածեմ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս այս երկրորդ այցելութեան գաղափարը յղացաւ իմ ազգականներէն Արմէն Սարուխանեան, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Լոնտոնի մէջ։ Ան թէեւ ամէն ինչ հունի մէջ դրած էր, սակայն, հակառակ մեր բոլոր ծրագիրներու, չէր կրցած ենթադրել, որ իմ կեցութեան օրերուն ակամայ պիտի բացակայէր Լոնտոնէն։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Նախարար Չավուշօղլու Ուաշինկթընի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։
Թէ՛ նախկին պոլսահայեր եւ թէ անգլիահայ գործիչներ մասնակցեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրի ասուլիսներուն։
Արա Գօչունեան պատասխանեց՝ համայնքային կեանքին ու հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցումներու։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յատկանշական հաւաքոյթներ՝ հայ մամլոյ նահապետի տարեդարձին առթիւ:
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ թերթիս ծաւալած գործունէութեան եւ որդեգրած սկզբունքներուն շուրջ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ճեպընթացի մէջ եմ. Լոնտոնէն տակաւին նոր հրաժեշտ առած՝ կը մտածեմ կեցութեան օրերու թարմ տպաւորութիւններուն մասին։ «357 քիլօմեթր/ժամ. արագութեան մրցանիշ մը մեր ուղղութեան վրայ», աչքիս կը զարնէ պահ մը պաստառէն՝ Eurostar-ի յարմարաւէտ բազկաթոռին վրայ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանը վերջերս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Սա իսկապէս պատմական իրադարձութիւն մըն էր եւ այս կապակցութեամբ այսօր կը հրատարակենք բացառիկ թիւ մը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ՝ Շիշլիի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս կառուցուած խաղավայրի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ։ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ քաղաքապետարանէն խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այս առթիւ այցելեցին Մէրամէթճեան վարժարան։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ…։ Եւ բոլոր շնորհքներուն պարգեւիչը Աստուած պիտի կազդուրէ, զօրացնէ ձեզ…» (Ա. Պտ 5.8-10)։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Շուտով՝ նոյեմբերի 24-ին Թուրքիոյ մէջ պիտի նշուի կրթական մշակներու՝ ուսուցչաց տօնը։ Հայաստանի եւ աշխարհի շուրջ հարիւր երկիրներու մէջ կրթական մշակներու օրը կը նշուի հոկտեմբերի 5-ին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ ընդունուած որոշման մը համաձայն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ առիթը ունեցա՞ծ էք խորհելու, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, թէ ո՜րքան անհիմն նեղութիւններ ստեղծած եւ մենք զմեզ տանջած ենք եւ հոգեկան ի՜նչ ցաւերու ենթարկուած՝ բոլորովին պարապ, աննշան եւ մտացածին, երեւակայական վախերու պատճառով։ Արդարեւ, ամէն մարդ կ՚ուզէ խաղաղ, անվտանգ, նեղութիւններէ եւ դժուարութիւններէ հեռու կեանք մը ապրիլ։ Այս, որքան բնական բաղձանք մըն է մարդուս համար, նո՛յնքան անկարելի, քանի որ այս աշխարհը վարդաստան մը չէ՛ երբեք, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս, որ յաճախ կը կրկնենք. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի հետ։ Դռըն-փակ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս։
«Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 38-րդ հատորի ներկայացման առթիւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ:
Մատենադարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած շնորհանդէսը համախմբեց գիտական շրջանակներէ դէմքեր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
3000 հայաստանցիներ եւ... 1500 սուրիահայեր…
Հայութեան հաւաքական հետաքրքրութիւններու ծիրէն ներս կան այնպիսի նիւթեր, որոնք կը համարուին «թապու». օրինակ՝ Եւրոպա ապրող եւ «մի կերպ» գոյատեւող հայ փախստականներու հարցը։
«Թրքական հոսք» խողովակաշարի ծովու յատակի բաժնի շինարարական աշխատանքները աւարտեցան:
Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան արդիւնքները ուժանիւթի բնագաւառէն ներս կը պայմանաւորեն ամբողջ տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւնները: Իսթանպուլի երէկուան հանդիսութեան ընթացքին Էրտողան եւ Փութին միասնաբար կարեւոր պատգամներ փոխանցեցին միջազգային հանրութեան:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային հանրածանօթ բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հան-դիսապետեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Երէկ երեկոյեան, Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը։ Այսպէս, զրոյցի մը համար միութիւն հրաւիրուած էր յայտնի պատմաբան Իլպէր Օրթայլը։ Իր հետ հարցազրոյց մը վարեց ուսուցչուհի Աննա Սարը Սեչքին։ Իլպէր Օրթայլը երեկոյթի ընթացքին ընդհանրապէս խօսեցաւ մեր աշխարհագրութենէն ներս հայոց ներկայութեան մասին։