Արխիւ
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնէն ազատ արձակուեցաւ Եուրի Խաչատուրով։ Այս վերջնոյն պաշտօնազրկման հարցը միջոցէ մը ի վեր արդէն օրակարգի վրայ էր։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կրնան տեսակցիլ յառաջիկայ դեկտեմբերին:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը:
ԳՀԽ-ի նստաշրջանը հասաւ իր աւարտին. յաջորդ տարի Ազգային-եկեղեցական ժողով պիտի գումարուի:
Օրակարգի հարցերը քննութեան տակ առնուեցան. «Հայոց Եկեղեցին 21-րդ դարուն. ներկայ եւ ապագայ»:
Եշիլգիւղի վարժարանի 7-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Հայերէնի ուսուցչուհի Անի Գալայլըի եւ գիտութեան ուսուցչուհի Գլոտիա Տեմիրի հսկողութեան ներքեւ տղաքը իրականացուցին այս պտոյտը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Որքա՜ն սրտագրաւ նոյնքան ալ պատգամաշեշտ սա խօսքը, հեղ մը եւս կու գայ մեր ուշքը, աշխարհիկ հրապոյրներով գերեվարուած մեր սիրտերը հրաւիրելու դէպի ինքնագիտակցութիւն եւ ինքնազգաստացում։ Խօսք մը, որ դարերու ընթացքին խօսեցաւ կարկամեալ հոգիներու՝ անոնց ողջ էութիւնը յեղաշրջելով։ Խօսք մը, որ բազում աշխարհակեդրոն սիրտեր փոխակերպեց աստուածակեդրոն սիրտերու։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Նախորդող օրը կէսօրէ ետք ժամը 3-ն էր: Ակադեմական աշխատանքէս նոր արձակուած ու ինքնաշարժիս մէջ նստած, սովորութեանս համաձայն, վայրկեան մը աչքերս գոց կը հանգչէի ֆիզիքապէս ու հոգեպէս նախապատրաստուելու միւս գործիս, որ խմբագրական աշխատանքն է, որուն համար պէտք է շուտով ուղղուէի խմբագրատուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մայիսի «սխալ»ը պիտի սրբագրուի դեկտեմբերին…
Հինգշաբթի յետմիջօրէին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կարճ ելոյթ մը կ՚ունենար եւ կը յայտարարէր, որ իրաւական բոլոր հիմքերը ապահովուած են արդէն, որպէսզի 2017 թուականի ապրիլին ընտրուած Ազգային ժողովը լուծարուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաչվերացէ ետք 8-րդ կիրակի օր Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը կարդացուի Ղուկասի աւետարանին 8-րդ գլխուն 17-21 համարները։ Խաչվերացի յաջորդող 8-րդ կիրակին այս տարի կը հանդիպի 4 նոյեմբեր կիրակի օրուան։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, երեկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սփիւռքահայ միջին տարիքի կին մը Երեւանի կեդրոնական պողոտաներէն հանրակառք մը կը բարձրանայ, պատուհանին կողքը ազատ տեղ մը նշմարելով կը նստի ու կը դիտէ փողոցը: Հանրակառքը մերթ կը սուրայ, մերթ դանդաղօրէն կը յառաջանայ անցնելով լայն պողոտաներէն՝ Մաշտոցէն, Աբովեանէն, ուրկէ կը սկսի բարձրանալ դէպի Ազատութեան պողոտան տանող ոլորապտոյտ ճամբան, բարձրանալուն զուգահեռ կամաց-կամաց կ՚երեւին Մասիսին զոյգ գագաթները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային ցեղին յատուկ բանականութիւնը՝ մարդուն իր ազատ կամքովը շարժելու, շարժումները դատելու եւ անոնց մասին որոշումներ առնելու կարողութիւնը կու տայ։ Բայց այս ազատ կամքին, այսինքն ազատօրէն վարուելու առանձնայատկութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ պատասխանատուութեան զգացումը, եւ նոյն բանականութեան շնորհիւ, ան պարզ զգացումէ մը աւելի, գիտակցութեան կը փոխուի։
Յայտնի գրող Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ վերջերս այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Ան ծանօթ է պատմական նիւթերու վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններով, որոնց հիման վրայ լոյս տեսած գիրքերը գրասէր շրջանակներէն ներս կ՚արժանանան անմիջական հետաքրքրութեան։ Նեսիմ Օվատիայի վերջին գիրքը կը կոչուի «Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ Շահինեանները»։
Նախագահ. «Կոչ կ՚ուղղեմ բոլորին՝ որպէսզի դադրեցնեն փոքր հակամարտութիւններու զինումը»:
Արմէն Սարգսեանի խօսքով՝ զգուշութիւն պէտք է ցուցաբերել 21-րդ դարուն մեծ խնդիրներու ծագիլը կանխելու նպատակով:
Երէկ, պաշտօնապէս յայտնի դարձաւ, որ յառաջիկայ 9 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս խնդիրը միջոցէ մը ի վեր կը բնորոշէր երկրին օրակարգը։
Շուէտ ռազմաօդանաւերու վաճառքի համար առաջարկ մը ներկայացուց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան։ SAAB ընկերութեան կողմէ արտադրուած ռազմաօդանաւեր խնդրոյ առարկայ դարձած են այս առաջարկին մէջ։ JAS-39 Gripen տիպի ռազմաօդանաւեր Հայաստան մատակարարելու համար Շուէտի կողմէ ներկայացուած այս առաջարկը կը յաջորդէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի Երեւան կատարած այցելութեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան դիմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային կարեւոր տեսակցութիւն մը:
Էրտողան եւ Թրամփ անդրադարձան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով Մենպիչի եւ Իտլիպի վերաբերեալ կարգադրութիւններուն վրայ: Ուաշինկթըն վերահաստատեց յանձնառութիւնը՝ Անգարայի սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ:
ԳՀԽ երէկ անդրադարձ կատարեց համասեռամոլութեան դրսեւորումներուն:
«Հայ ժողովուրդը դարերէ ի վեր կրողն է աստուածօրհնեալ ընտանիքի նուիրական գաղափարին»:
Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքը բարեփոխելու ուղղեալ աշխատանքներ: Եւրոխորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովը կ՚ողջունէ կառավարութեան նախաձեռնութիւնը:
Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեան սուր քննադատութիւններ հասցէագրեց այժմու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ երկրի նոր ղեկավարութեան։ news.am-ի հաղորդումներով, Հրանդ Բագրատեան 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի լոյսին տակ ըրաւ այդ յայտարարութիւնները։