Արխիւ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջերս ընդունեց ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Երեւանի գրասենեակի նորանշանակ ներկայացուցիչ Աննա-Գարին Օստը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան հաստատուած սուրիահայոց դիմագրաւած հիմնախնդիրները։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը օտարերկրեայ գործընկերներու հետ համաձայնութիւն կը հաստատէ՝ երկրի պատմամշակութային յուշարձաններու վերականգնման նպատակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց վերջերս բացատրութիւններ տուաւ այս նիւթին շուրջ։
Աէլիտա Տոլուխանեանի կողմէ հեղինակուած գիրքին համար շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Յայտնի գիտնականներ գինեձօնի ժամանակ գնահատանքով արտայայտուեցան բազմակողմանի այս ուսումնասիրութեան մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով ականատես եղանք մարդկային տխուր պատմութիւններու: Հակամարտութեան հետեւանքով ցիրուցան եղան հազարաւոր ընտանիքներ, բնականաբար, այդ ճակատագրէն անմասն չմնացին Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ ապրած եւ կեանք կերտած մեր հայ հայրենակիցները:
Միացեալ Նահանգներ երէկուան դրութեամբ խստացուց Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները:
Թուրքիա բացառութիւններու շարքին - Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ՚ակնկալէ առկայ տագնապի շուտափոյթ յաղթահարումը:
ՀԲԸՄ-ի նախագահը երէկ ընդունուեցաւ Կիլիկեան աթոռի գահակալին կողմէ:
Արամ Ա. եւ Պերճ Սեդրակեան անդրադարձան եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս Համացանցի էջերուն վրայ կը շրջի ծանր տպաւորութիւն ձգող երկու լուսանկար: Մէկը՝ Հայաստանի համայնքային գրադարանի մը լուսանկարն է, ուր կ՚երեւին այրած գիրքերու կոյտեր:
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս պատուիրանով Աստուած կ՚արգիլէ շնութիւն ընելը, որ կորսնցնել է այն հաւատարմութիւնը, որ այր ու կին խոստացած էին սուրբ եւ անխախտ պահել՝ ուխտելով ամուսնութեան սուրբ կապով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մերժուելու զգացումը մարդկային փոխյարաբերութիւններու ամենէն վատ, ամենէն տհաճ վիճակներէն մին է։ Մարդ ցաւ կը զգայ, կը վշտանայ երբ իր արժէքը անտեսուի, անարգուի. այսինքն՝ մերժուի։
Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին նշուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 19-րդ տարեդարձը։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Արժանթին։ Ան առաջին անգամ կը մեկնի Հարաւային Ամերիկայի ցամաքամասը՝ համերգ մը տալու համար։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան երկու ձեռնարկներ, որոնցմով եզրափակուեցան Ս. Թարգմանչաց տօնի շրջանին նախատեսուած գործունէութիւնները։ Այսպէս, դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանին մէջ, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք եւ Փեթրօ Փորոշենքօ ստորագրեցին համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիր մը։
ՏՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
1878-ին Պոլսոյ Սկիւտար թաղին մէջ լոյս աշխարհ կու գար մանուկ մը, որուն պիտի վիճակուէր դառնալ ոչ միայն հայ, այլեւ միջազգային չափանիշով աչքի զարնող երեւոյթ մը։ Այդ մանուկը յետագային պիտի դասէին դարուս հինգ նշանաւոր կիներէն մէկը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պաշտօնական Երեւանը դրական շեշտադրումներով «ճանապարհեց» Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերու գլխաւոր խորհրդական Ճոն Պոլթընը։
Ճիշդ է, որ այցելութիւնը եւ անոր ընթացքին Պոլթընի կատարած «մեղմասած» անսպասելի յայտարարութիւնները դարձան ներքին քաղաքական օրակարգի սպառման հիմնական նիւթեր։
Հայկազեան համալսարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երաժշտական անմոռանալի ձեռնարկ մը:
Լիբանանի ֆիլարմոնիք նուագախումբը հանդէս եկաւ խմբավար Կարօ Աւեսեանի մականին ներքեւ՝ արժանանալով ջերմ ծափերու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ոեւէ մէկը ճրագը վառելէ ետք չի պահեր կամ կաթսայի տակ չի դներ, այլ աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն», (ՂՈՒԿ. ԺԱ 23)։ Աւետարանի այս խօսքերէն կը հասկցուի, թէ հաւատքը պէտք է բացայա՛յտ ըլլայ, որպէսզի ամէն անոնք որ ճանչնալ կ՚ուզեն անձ մը, գիտնան նաեւ անոր ներաշխարհը՝ ամբողջութեա՛մբ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 19-րդ տարեդարձը:
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալեց ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ խանդավառ օր մը։ Քաղաքի զանազան թաղամասերէն փութացած հաւատացեալներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուցած էին Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։
Հայկական մարմնամարզի աշխարհը երէկ ունեցաւ ծանր կորուստ մը. ոչ եւս է Ողիմպիական ախոյեան Եուրի Վարդանեան։ Այս վերջինը իսկապէս խորհրդանշական անուն մըն էր ինչպէս հայկական, այնպէս ալ համաշխարհային մարմնամարզի տեսակէտէ։