Արխիւ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ համակեցութեան նիւթին շուրջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաւիրուած էր «Վերածնունդ եւ երիտասարդութիւն» անուանեալ դաշնակցութեան կողմէ:
Առաջին աշխարհամարտի աւարտը բնորոշած զինադադարի 100-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Փարիզի մէջ:
«Մենք չենք կրնար փոխել պատմութիւնը, բայց պատմութիւնը կրնայ մեզ փոխել՝ որպէսզի մեր գալիքը դառնայ աւելի լաւ»:
Թիւրքմենիստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ ծանրաբարձութեան համաշխարհային ախոյենութիւնը։ Երէկ, Հայաստանի հաւաքականէն Սիմոն Մարտիրոսեան նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչում։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ հիւրընկալեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանն ու ընտանիքը։ Սա հրաժեշտի հանդիպում մըն էր, որովհետեւ Միքայէլ Մինասեան արդէն ետ կանչուած է այդ պաշտօնէն։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 80-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։
ԵՊՀ-ի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ հանդիսաւոր ժողով:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ունեցաւ ելոյթ մը՝ բարձր գնահատելով տասնամեակներու գիտական աշխատանքը:
Միջազգային ընտանիքը այս շաբաթավերջին կը նշէ Առաջին աշխարհամարտի աւարտի 100-ամեակը:
Նախագահ Էրտողան կը մասնակցի մեծահանդէս տօնակատարութիւններուն՝ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներուն հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միշտ պատրաստակամ։ Այս բառերով կրնամ նկարագրել Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեանը։ Թիֆլիզի դարաւոր առաջնորդութիւնը հովուող սրբազան հայրը՝ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, միշտ ալ պատրաստակամ եղած է պատասխանելու մեր հարցումներուն։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կեանքը հիւրանոց մըն է եւ մարդ այդ հիւրանոցին մէջ երկար ատեն որպէս հիւր կ՚ապրի, տնեցի կը դառնայ, ժամանակի ընթացքին կ՚ընտելանայ տան անդամներուն հետ, ապա օրէնքները կը սկսին սովորութենականանալ իրեն համար։ Այլեւս այդ հիւրանոց-տան մէկ անդամը դառնալով՝ իր սէրը կը կիսէ իր կողակիցին հետ, նոր սերմեր կ՚աճին, կը ճիւղաւորուին եւ կը միանան այդ ընտանիքին. ահա ա՛յդ ժամանակ յանձնառութիւններն ու պատասխանատուութիւնները կ՚եռապատկուին եւ քեզ պարտաւորեալ ու անել իրավիճակի մէջ կը ձգեն։
Հայաստանի մշակութային կեանքի կարեւոր մասը դարձած «Երեւան ճազ ֆեստ»ի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, շեփորահար Արթուրօ Սանտովալի եւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի համատեղ համերգով:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիայի նահանգէն ներս երէկ սարսափելի դէպք մը պատահեցաւ։ Այսպէս, անձ մը զինեալ յարձակում գործեց պառի մը վրայ։
Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաք երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ երկրի տնտեսական կեանքի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այս առթիւ նախարարը յայտնեց, որ տարադրամի բնագաւառէն ներս Թուրքիոյ դէմ ձեռնարկուած յարձակումները արդէն ետ մղուած են։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ այսօր Թուրքիա կ՚այցելէ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համիտ էլ Թհան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Քաթարի էմիրը եւ հանրապետութեան նախագահը կը քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքը։
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց երկրի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեանը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Աննա Յակոբեան Արմէն Սարգսեանին ներկայացուց՝ իր ղեկավարած «Իմ քայլը» հիմնադրամի գործունէութիւնն ու ծրագրերը։
ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարը յաջորդ ամիս պիտի յստականայ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Աստանայի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ֆրանսահայ բեմադրիչ Կորիւն Ափրիկեան կը պատասխանէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։
-Պր. Ափրիկեան վերջերս մեկնած էիք Նիւ Եորք՝ մասնակցելու համար շարժապատկերի փառատօնի մը։ Ո՞ր ժապաւէնը ներկայացուցիք այդ փառատօնին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գարեգին Եպիսկոպոս Խաչատուրեան, ապա Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան (1951-1961), «Շողակաթումներ-1925» գիրքին մէջ հրատարակուած «Կինը եւ մայրը» քարոզ-յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «Փոքրիկ շեղում մը։ Ի՞նչ է կին-մարդը համեմատութեամբ այր-մարդուն», եւ կը շարունակէ. «թերեւս չիկայ աւելի ճշգրիտ ու խորհրդապաշտիկ ըմբռնում մը քան այն՝ զոր Աստուածաշունչը կը պատկերացնէ ստեղծագործութեան պատմութեան առաջին էջին մէջ իսկ։
Շաբաթ, 3 նոյեմբեր 2018-ին, Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու յանձնաժողովը կատարեց իր կիսամեայ լիակատար նիստը:
Նախաձեռնութեամբ Հարաւային եգէականի մարզպետութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Ռոտոս կղզիի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղին, վերջերս Ռոտոս կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական եւ պոնտական երգերու ձօնուած ճոխ երեկոյ մը՝ նուիրուած նորոգ հանգուցեալ Համազգայինի Ռոտոսի մասնաճիւղի ատենապետ Խարա Քէօսէյեանի յիշատակին:
2018 թուականի յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն միջեւ, 2017 թուականի նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատած, Հայաստանի մէջ համակարգիչներու արտադրութիւնը աճած է 99.3 տոկոսով: