Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ուաշինկթընի իրական պահանջները՝ Թեհրանէն…
Իրանի Հանրապետութեան համար «նախատեսուած» ամերիկեան պատժամիջոցներու նոր ծրարը արդէն իսկ մտած է գործադրման փուլ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Ամէն չարիքի մէջ բարիք կայ, միայն պէտք է իմաստութիւն ունենալ այդ բարիքը գտնելու»։ Շէյքսփիրի այս խօսքը կեանքիդ մէջ երբեք գործադրա՞ծ ես։ Դժուարութեան հանդիպելու ընթացքին, մէկ անգամէն յուսախաբա՞ծ ես, եւ կա՞մ փորձած ես այդ դժուարութիւններէն դաս քաղել եւ դէպի լուսաշող ապագայ նայիլ։
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայ գրականութեան հսկաներէն Վահան Թէքէեանի ձօնուած ձեռնարկ մը։ Թարգմանչաց տօնի շրջանին համար նախատեսուած էր այս երեկոյթը։
Արեւմտահայերէնի համար ապահովուած ISO կարգանիշը հեռանկարներ կը խոստանայ լեզուի հարցերուն:
Այս յաջողութիւնը արձանագրուած է շնորհիւ Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի առանցքային դերակատարութեան:
Մեծն քսանեակի անդամ երկիրներու ղեկավարները համախմբուեցան՝ բազմակողմանի օրակարգով մը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը մարդուս մղիչ մէկ ուժն է՝ որ շարժման մէջ կը դնէ մարդկային բոլոր ուժերը։ Արդարեւ, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, մարդու հոգեկան աշխարհին մէջ այն վիճակն է՝ ուր մարդ, առաքինութեան զգացումով տարուած, անոր հաւատքին, անոր զոհողութեան անսակարկելի տրամադրութեանը մէջ կը գտնուի։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ նոր տարին կը մօտենայ ու հինը կամաց-կամաց ինքզինք հաւաքելով կը պատրաստուի հեռանալ եւ այսպէսով՝ պատմութեան անցնիլ, այս առթիւ առաջին իսկ հերթին, կը մտաբերեմ մեր բոլոր այն մշակութասէրներն ու հայ գիրի ու գրականութեան լուռ կամ աղմկոտ գնահատողներն ու քաջալերողները, այլ խօսքով՝ հայ մամուլի եւ գիրքի տարածման հետեւող եւ նպաստող ընթերցող մեր հայրենակիցները, որոնք իրենց ընթերցումներով տարի մը եւս հայ գիրի տարածումն ու պահպանումը ապահովեցին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը եւ բնութիւնը եթէ բաղդատուին, բաղդատութեան ո՞ր եզրով կարելի է համեմատել զանոնք, ըսել թէ՝ բնութիւնը մարդոց պէս կը վարուի՞, թէ՛ մարդիկ բնութեան պէս կը շարժին։ Սակայն սա իրական է, որ երկուքն ալ իրարու նման կը վարուին, կա՛մ, մէկը միւսը կ՚ամբողջացնէ եւ մէկը միւսին կատարեալ լուսաբանութիւնն է։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աս ի՞նչ է:
Կեղծ ժպիտը դէմքին ու հարցումները մտքին մէջ տողանձում մը կը գոյացնեն Փաթիլին ի տես սեղանին:
«Կալերի Սելվին» կը հիւրընկալէ Հայաստանի արդի նկարչութեան հեղինակաւոր վարպետներէն մին:
Տիգրան Ասատրեանի ստեղծագործութիւնները. հէքեաթային եւ իսկական աշխարհներու խաչմերուկին:
Աւստրիոյ Վիեննա քաղաքէն աստուածաբաններու եւ պատմաբաններու խումբ մը նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան, ի բացակայութեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, ընդունուեցաւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։
Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան վերջերս բացատրութիւններ տուաւ Հիւսիւս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման գործընթացին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը յայտնեց, որ շինարարութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի շեշտը դնել հարաւային հատուածի վրայ։
Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանէ ներս օդի պէս պէտք պիտի ունենայ ուժեղ ընդդիմութեան մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային միջազգային ճնշումներու դիմակայելու համար։
Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի Օթթօ ֆան Կերիկէի համալսարանի երդիքին տակ զրոյց:
Սարգսեան ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման համար կը կարեւորէ արդար եւ խաղաղ միջավայրի մը ստեղծումը. «Մենք պէտք է փորձենք այս բանը ընել այսօր, այլապէս ձեր եւ մեր երեխաները տարիներ անց ստիպուած պիտի ըլլան նոյն հարցը տալ»:
«Klasik Gitar İçin Gomidas Vartabed Düzenlemeleri» գիրքը հրապարակի վրայ:
Տոց. Թունճէր Էօնտէրի հեղինակած աշխատանքի յառաջաբանը ստորագրած է Զեքիեան Գերապայծառ:
Վրաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Սա ընտրութիւններուն երկրորդ՝ եզրափակիչ փուլն էր։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերու հիման վրայ՝ Հայաստանի արտասահմանեան դիւանագիտական կարեւոր ներկայացուցչութիւններու ղեկավար կազմին մէջ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Արման Կիրակոսեան կը դադրի պաշտօնավարելէ որպէս՝ Վիեննայի մօտ Հայաստանի դեսպան։
Հայկական զանգուածային լրատուական աշխարհը երէկ ունեցաւ կարեւոր կորուստ մը. ոչ եւս է յայտնի լուսանկարիչ Մարթին Շահպազեան։ 78 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է Մարթին Շահպազեան, որ իր լուսանկարչական արտադրութիւնը յառաջ կը տանէր բազմակողմանի ձեւով։
«Հայաստան Գերմանիան կը դիտարկէ՝ որպէս քաղաքական ու տնտեսական կարեւոր գործընկեր»:
Արմէն Սարգսեան եւ Անկելա Մերքէլ քննարկեցին Երեւան-Պերլին համագործակցութեան հեռանկարները:
Երէկ երեկոյեան, Սարըեէրի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որու մասնակիցները մօտալուտ Ամանորի սեմին համախմբուեցան քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճի տանտիրութեամբ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ «Տը կրան Թարապիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սարըեէրի գաւառապետ Օսման Կիւրսոյ։