Արխիւ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տանըլտ Թրամփ համաձայնեցան հանդիպիլ ՆԱԹՕ-ի 11 յուլիսի գագաթաժողովի օրերուն Պրիւքսելի մէջ՝ շեշտելով ռազմավարական կապերը:
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- Սուրբերու յիշատակութեանց քարոզները «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա» յանկերգով կրճատելը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։
- Ոմանք սրբոց յիշատակութիւնները աւելորդ համարելով՝ ամենայն վստահութեամբ կը կրճատեն զանոնք, եւ հազիւ իւրաքանչիւր տունի առաջին մէկ-երկու բառերը արտասանուած՝ զայն կ՚ընդմիջեն «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա» յանկերգով, որ այս ձեւով իր իմաստէն ալ կը պարպուի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Աւստրալիոյ Եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու էքիւմենիք պատուիրակութիւնը։ Այս միջեկեղեցական պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Սիտնիի Բիւզանդական կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռապըրթ Արքեպիսկոպոս Ռապաթ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորեց Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանը։ Շաբաթավերջի ընտրութիւններուն Մարգար Էսաեան երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան կողմէ՝ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն։
Հենրիխ Մխիթարեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ պատանի մարզասէրներու կողմէ:
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղի անուանական խաղալիքները հրապարակի վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քիչով, զոր օրինակ՝ մէկ հացով շատեր կշտացնել, միայն հաց մը բաժնելով եւ բաշխելով շատեր կերակրել եւ յագեցնել՝ իրապէս խորհուրդ մըն է, իր ամենալայն եւ ընդարձակ առումով։ Արդարեւ ընտանիքը՝ ուր հացը կը բաժնուի եւ կը բաշխուի, նոյն հացով ընտանիքի բոլոր անդամները կը կշտանան, եւ այն ճաշասեղանը՝ որուն շուրջ կը հաւաքուին ընտանիքի անդամները, ինքնին խորհուրդ մը ունի իր մէջ, այդ իսկ պատճառով է, որ ընտանիքը «առտնին եկեղեցի» մը կ՚անուանուի։
Հայ ժողովուրդը, մայիսի 18-ին ոգեկոչեց մահուան 37-րդ տարելիցը իր մեծատաղանդ գրողներէն եւ աշխարհահռչակ արժէքներէն Ուիլիըմ Սարոյեանի (1908-1981)։ Հայերէն լեզուով չգրեց Սարոյեան։ Ստեղծագործեց ամերիկեան գրականութեան աւանդներուն համահունչ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս ալեկոծեալ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, անցեալ 24 մայիսին տեղի ունեցած էր Թեմական խորհուրդի ժողով, որու աւարտին Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս համար որքա՜ն դժուար է ճշմարիտին անդրադառնալ, երբ սուտերու եւ պատրանքներու մէջ թաղուած՝ անոնք «ճշմարիտ» կը կարծէ։ Նո՛յնն է պարագան լոյսի համար. երբ մարդ խաւարի մէջ կը գտնուի, եւ երբեք չէ՛ ճանչցած լոյսը, կը նախընտրէ մնալ միշտ խաւարին մէջ եւ կը մերժէ լոյսին բարիքները։
Հայաստանն ու Արցախը քաղաքական փոխկապակցութեան մէջ են եւ, մէկուն կամ միւսին կեանքին մէջ յառաջացած ալեկոծումները ուղղակի կերպով անդրադարձ կ՚ունենան միւսին վրայ: Երբ Հայաստանի մէջ ծայր տուաւ թաւշեայ յեղափոխութեան շարժումը, անխուսափելիօրէն ան իր անդրադարձը պիտի ունենար նաեւ Արցախի վրայ:
Հայապահպանո՞ւմ: Սփիւռքի մէջ ամէն օր, ամէն տեղ կարելի է լսել այս բառը: Զայն բացառապէս կ՚արտասանեն նոյն ինքն հայապահպանները՝ ինքնակամօրէն ստանձնելով բառի վերարտադրութեան պարտականութիւնը:
Հայաստանի ներքին քաղաքական նոր կլիմային մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) կողմէ կը շարունակուին գործողութիւններն ու բացայայտումները։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն ձերբակալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխաններէն, Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) նախագահ, նախկին զօրավար Մանուէլ Գրիգորեան։
Հայաստանի նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն վերջ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Ա. նիստը:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս թափով յառաջ կը տարուին վերակազմակերպչական աշխատանքներ:
Ընտրութիւններու արդիւնքով կը սկսի նոր կառավարման համակարգի հաստատման գործընթացը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան 9 յուլիսին երդումը պիտի կատարէ խորհրդարանին մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ընդհանուր իրավիճակը կը շարունակէ մնալ խաղաղ եւ «տանելի»։ Սուրիական ընդհանուր տեսարանին մէջ եւ յատկապէս ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) «նօսրացում»էն ի վեր, գետնի վրայ որոշիչ դեր ունեցող հիմնական ուժերուն համար աւելի քան կարեւոր է, էական նշանակութիւն սկսած է ունենալ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածը, ուր կը գործեն ոչ միայն քրտական ջոկատներ, այլ նաեւ կան, տեղակայուած են ամերիկեան ու ֆրանսական զօրքեր։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ այս օրերուն կ՚այցելեն Հայաստան։ Շաբաթավերջին ուխտաւորներու խումբը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Ուխտաւորները գլխաւորեց Սանթա-Քլարիթայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ալանճեան, որ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ուխտաւորները։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կզղիի Կազդուրման կայանի գործունէութիւնը այս տարի եւս կը շարունակուի անխափան։ Այս կիրակի արդէն տեղի պիտի ունենայ Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման աւանդական արարողութիւնը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենան դպրոցական աւարտական հանդէսներ, շրջանաւարտներուն հերթական հունձքերը կեանքի նոր ուղի կը մտնեն: Ահաւասիկ, հրաւիրուած եմ Երեւանի մէջ գործող դպրոցներէն մէկուն աւարտական հանդէսին:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
127 տարի առաջ, յունիս 8-ին, Պոլսոյ մէջ մահացաւ մեծ մարդու եւ նոյնքան մեծ հայու պայծառագոյն դէմքերէն մէկը՝ անմահն Յակոբ Պարոնեան:
Ապաժամ եւ դժբախտ վախճան մը ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան (1843-1891):
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Եոկիաքարթայի սուլթանը քաղաքական եւ հոգեւոր հզօր դիրք ունի Ինտոնեզիոյ Ճաուա կղզիին մէջ: Ան կը խուսանաւէ, որպէսզի աւագ դուստրը իր ժառանգը դառնայ՝ հրահրելով դառն դժգոհութիւններ: