Արխիւ
Պատրիարքական Աթոռը, 24 յունիսի ընտրութիւններուն ընդառաջ, Իսթանպուլի երեսփոխան, Տիարպաքըրէն երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Տիար Կարօ Փայլանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն կը հետեւի ցաւով ու մտահոգութեամբ։ Զանազան լրատուամիջոցներու մօտ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի դէմ օգտագործուած որակումները, դժբախտաբար, կը ստեղծեն Աթոռոյս նկատմամբ յարգանքէ ու մեր համայնքի տեսակէտէ մարտահրաւէրի մը վերածուած ընտրութեան հարցին կապակցութեամբ պատասխանատուութեան գիտակցութենէ հեռու տպաւորութիւն մը։
Հայկական արտադրութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը հետզհետէ կ՚աճի միջազգային շուկաներէ ներս:
Հայաստանի մէջ գինեգործութիւնը մեծ վերելք կ՚ապրի վերջին տասը տարիներուն ու կը խոստանայ հեռանկարներ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Ինկլընտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ վերջերս յոբելենական հանդիսութիւններու շարք մը սկսաւ Պոստոնի մէջ։ Այս շարքի առաջին փուլին կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ շուրջ 300 հոգի։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Այսօր Պրիւքսելի մէջ կը սկսի Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը։
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ կատարուած վերջին բացայայտումներուն հիման վրայ յայտնաբերուած տուեալները կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի օրակարգը։ Երէկ, խորհրդարանը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին տեղի ունեցած քուէարկութեան հիման վրայ երեսփոխան Մանուէլ Գրիգորեան զրկուեցաւ անձեռնմխելիութենէ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու 22-ին մշտական ներկայացուցիչները այցելութիւն մը տուին Երեւան:
Լաքանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներուն:
Յայտնի պատմաբանը Երեւանի մէջ մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ հայկական հարցին շուրջ:
Թանէր Աքչամ. «Հայաստան լծակներ պէտք է ունենայ Թուրքիոյ վրայ ազդելու համար, իսկ սփիւռքը ուժեղ չէ»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի ուսուցիչները։ Խումբը գլխաւորեց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Տ. Նորայր Վրդ. Գազազեան, որ այս վարժարանի տեսուչն է։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- Ս. Ընծային մատուցման ընթացքին պատարագիչը բարձրաձայն ի՞նչ կ՚արտասանէ, իսկ դպիրները այդ միջոցին ի՞նչ կ՚երգեն։
- Ս. Ընծային մատուցման ընթացքին, պատարագիչը Սկիհին վրայ ձեռքերը կամարաձեւ ըրած ծածուկ աղօթքով կը յիշէ Քրիստոսի մարդեղութիւնը եւ մեր մէջ բնակութիւնը, ատով իսկ երկիրը երկինքի վերածելը, որովհետեւ «մեր փրկութեան համար մարդանալով՝ երկնայիններու հոգեղէն խումբերուն միախառնուելու շնորհքը տուաւ մեզի»։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավարը Երեւան այցելութեան օրերուն բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Պարտաւոր ենք հայ մշակոյթը Թուրքիոյ մէջ պահելու»:
Կարպիս Չափքան. «Ուրախ ենք թէ՛ մեր արժանացած ընդունելութեան եւ թէ 61 հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը դարձեալ Հայաստան այցելելու եւ վերստին ելոյթ ունենալու առիթով»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վստահութիւնը մարդկային փոխյարաբերական կեանքին ամենէն էական եւ յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է, որու բացակայութեան պարագային այնքա՜ն կը շատնան հակառակութիւններն ու դժուարութիւնները: Մարդը, տրամաբանող էակ ըլլալով, միշտ կարիքը ունի իր կողքին ունենալու վստահելի անձ մը, կամ ինչու չէ անձեր, որոնց հետ կիսուելով, բաժնեկցելով իր յուզումներն ու մտորումները, կը փորձէ իր կեանքին ղեկը առաջնորդել դէպի բարին եւ դէպի ընկերայինը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեգալուստէն ետք 5-րդ Կիրակին տօն է Սրբուհւոյ Աստուածածնի տուփին գիւտին։ Տօնը այս տարի կը հանդիպի 24 Յունիս Կիրակի օրուան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու CHP-ի կողմէ Իսթանպուլի երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզը։ Ան քաղաքիս Բ. ընտրաշրջանէն կը ներկայանայ երեսփոխանի թեկնածու՝ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն համար։
Անասուններու իրաւունքներու նկատմամբ զգայնութիւնը հետզհետէ աւելի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ հասարակական գետնի վրայ։ Վերջին օրերուն Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն ներս տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններն ալ այս խնդիրը դարձուցին հրատապ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս կ՚իրականացնէ արտասահմանեան շրջագայութիւն մը։ Ան ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, եւրոպացի խորհրդարանականները հիւրընկալուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կեանքի կը կոչուի:
Թուրք զինեալ ուժերը սկսած են անկախ հերթապահութիւն կատարել քաղաքի շրջակայքին՝ ըստ ճանապարհային քարտէսին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մանուէլ Գրիգորեանի «գործ»ի բացայայտումով Հայաստանի քաղաքական կեանքը թեւակոխեց նոր փուլ մը:
Վարչապետ Փաշինեան կ՚ակնկալէ մասնակիցներու ի յայտ բերուիլը՝ անկախ անոնց կոչումներէն ու կարգավիճակէն:
Մինչեւ 2018-2019 շրջանի վերամուտը աշխատանք պիտի տարուի դպրոցներուն համար:
VADİP-ի հովանոցին ներքեւ աշխատաժողովներ՝ վարժարաններու միջեւ միութեան նպատակով:
ԵԱՀԿ-ի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր տարածքաշրջանային այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, կազմակերպութեան անդամ երկիրներէ 25-ին մշտական ներկայացուցիչները կ՚ուղեւորուին դէպի Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։